«Եու. Էս. Թի. Էյ.» յայտարարեց, թէ «Եու. Էս. Օփըն-2018»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը պիտի ըլլայ մրցանշային` 53 միլիոն ամերիկեան տոլար:
2013-էն սկսեալ անիկա աճ արձանագրած է 57 առ հարիւրով:
Տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակիրները պիտի ստանան 3,8 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Զոյգ տղոց պարագային, յաղթական զոյգը պիտի ստանայ 700 հազար ամերիկեան տոլար, որ իր կարգին մրցանիշ մըն է:
Մրցաշարքին ազդանշանը պիտի տրուի 27 օգոստոսին եւ պիտի աւարտի 9 սեպտեմբերին:



