Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Պիտի Ընէ Ամէն Ինչ` Նուիրատուներու Գումարները Իրենց Նպատակներուն Հասցնելու Համար

Յուլիս 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Պետրոս Թերզեանը:

«Ուրախ եմ ձեզ տեսնելու համար, հակառակ անոր որ կը կարծեմ, որ իրադարձութիւնը, որ յանգեցուց մեր այսօրուան հանդիպումին, այնքան ալ ուրախալի չէ եւ կապուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն հետ:

«Վստահաբար, մեզի համար շատ ցաւալի է այն իրողութիւնը, որ հիմնադրամի տնօրէնին կողմէ տեղի ունեցած է անթոյլատրելի արարք, բայց կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ այդ բոլորին մասին տեղեկատուութիւնը ստանալով` մենք չէինք կրնար այլ արձագանգ ունենալ, որովհետեւ մեր սկզբունքն է, որ օրինականութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ  պէտք է ըլլայ անառարկելի, եւ այստեղ որեւէ երկրորդ կարծիք չի կրնար ըլլալ:

«Ընդհանրապէս, հիմնադրամի շուրջ վերջին տարիներուն ոչ յստակ, որոշակի անվստահութեան ինչ որ մթնոլորտ յառաջացած էր, ատիկա թերեւս կապուած էր նաեւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին հետ ու այդպէս շարունակ: Բայց ես յոյս ունիմ, որ այս գործընթացներու արդիւնքով մենք պիտի կարենանք յստակացնել մեր պատկերացումը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հետագայ  ընելիքներուն վերաբերեալ, ընդհանրապէս նոր մօտեցումներ արձանագրել սփիւռքի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու, փոխադարձ գործակցութեան ձեւերու, մակարդակի, վստահաբար, հիմնադրամի վերաբերեալ», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Նշելով, որ ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած, իբրեւ հիմնադրամի ամէնէն յուսալի ներկայացուցիչներէն մէկը, հետաքրքրական պիտի ըլլայ  լսել Պետրոս Թերզեանի տեսակէտը` վարչապետը շնորհակալութիւն  յայտնած է անոր բարդ, ոչ այնքան բարենպաստ պայմաններու մէջ  հիմնադրամի ղեկավարի դերը ստանձնելուն համար:

Իր կարգին, Պետրոս Թերզեան նշած է. «Մեզի համար մեծ ցնցում էր այդ լուրը, որովհետեւ հիմնադրամի պատմութեան մէջ նման բան չէ եղած: Մենք գործած ենք հաստատակամութեամբ, որ անիկա մաքուր մարմին է: Հսկայական ծրագիրներ իրականացած են անցեալ 26 տարուան  ընթացքին, հսկայական ճիգեր ի գործ դրուած են` այս միջավայրին մէջ  ապահովելու հիմնադրամի մաքուր գործունէութիւնը, ինչ որ դժուար էր: Կը կարծեմ` յաջողած ենք, մինչեւ այս դէպքին ի յայտ գալը»:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը վստահեցուցած է, որ պիտի ընեն ամէն ինչ` նուիրատուներու գումարները իրենց նպատակներուն հասցնելու համար: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կարեւոր է ո՛չ միայն անցեալով, այլ նաեւ ապագայով, քանի որ ունինք մեծ ընելիքներ ու ծրագիրներ», ըսած է Պետրոս Թերզեան:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հիմնադրամի հետագայ գործունէութեան առնչուող հարցեր:

 

Նախորդը

Քննարկուած Են Արամ Մանուկեանի Արձանի Բացման Արարողութեան Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Ֆութպոլ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?