Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 10 յուլիսին Քննչական կոմիտէի անձնակազմին ներկայացուցած է կոմիտէի նոր նշանակուած նախագահ Հայկ Գրիգորեանը:
Այս առիթով ան ներկայացուցած է իր դիտարկումները` Քննչական կոմիտէի գործունէութեան, Հայաստանի մէջ օրինականութեան հաստատման, պատիժէն անխուսափելիութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ:
Վարչապետը նշած է, որ Քննչական կոմիտէն Հայաստանի մեծագոյն քննչական մարմինն է, հետեւաբար քրէաիրաւական վիճակին վրայ անոր ազդեցութիւնը մեծ է օրինականութիւն հաստատելու, յանցագործութեան պարագային պատիժէն չխուսափելու առումով: Ըստ անոր, Հայաստանի հանրային կեանքին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն նպատակն է օրինականութիւն ապահովելը, իսկ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ «մեր խնդիրն է նաեւ պետութեան եւ ժողովուրդին հասցուած վնասները մինչեւ վերջին լուման վերականգնելը: Յոյս ունիմ, որ Քննչական կոմիտէն իր հսկայական կարողականութեամբ, եռանդով եւ անկեղծօրէն կը լծուի այս գործին», դիտել տուած է ան:
Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայկ Գրիգորեանի նշանակումով յոյսերը կ՛աւելնան բարեփոխումներու եւ իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչներու գործունէութեան ու մտածելակերպին մէջ փոփոխութիւններու: «Կը կարծեմ, թէ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է քննչական մարմիններու եւ հանրութեան յարաբերութիւններու վատթարացման հոլովոյթ, անվստահութեան որոշակի ճեղք յառաջացած է, եւ յոյս ունիմ, որ այս նոր ժամանակներուն տեղի կ՛ունենայ հակառակ հոլովոյթը», ըսած է ան:
Հայկ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնած է եւ հաստատած, որ կը գիտակցի իր ուսերուն դրուած պատասխանատուութեան եւ պիտի գործէ այնպէս, որ իրաւապահ մարմիններուն նկատմամբ` ի դիմաց Քննչական կոմիտէի, ժողովուրդին վստահութիւնը աւելնայ: «Մեր գործելաոճի հիմնական սկզբունքները պիտի ըլլան թափանցիկութիւնը, մարդու եւ քաղաքացիի հիմնարար ազատութիւններու խստագոյնս պահպանումը», նշած է ան:



