Աշխատանքային այցելութեամբ Սիւնիքի մարզ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Զանգեզուրի պղնիձի եւ մոլիպտենի գործարան: Վարչապետը շրջագայած է հանքարդիւնաբերական ձեռնարկութեան տարածքին մէջ: Շրջագայութեան ընթացքին գործարանի ղեկավարները ներկայացուցած են ընթացիկ իրավիճակը, ցուցանիշներն ու զարգացման ծրագիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն:
Այնուհետեւ վարչապետը եղած է «Սիւնիք Ֆուտ» գործարան: Ընկերութեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են, որ նոր ներդրողներու հետ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք արդէն իսկ լուծուած են նիւթական խնդիրները, եւ յառաջիկային գործարանը պիտի սկսի ծաւալուն գործունէութեան` զբաղելով միրգի ու բանջարեղէնի պահածոներու արտադրութեամբ: Նշուած է, որ ընկերութեան մէջ պիտի ստեղծուի 300 նոր աշխատատեղ, իսկ արտադրանքը նաեւ պիտի արտահանուի:
Այցելութեան ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան եղած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ` զրուցած զինուորներուն եւ սպայական անձնակազմին հետ, ծանօթացած ծառայողական ու կենցաղային պայմաններուն:
Ջերմուկ քաղաքին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ, Ամուլսարի հանքը շահագործող «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան եւ շահագործման դէմ բողոքող քաղաքացիներու հանդիպման ընթացքին կողմերը չյաջողեցան ընդհանուր յայտարարի գալ:
Հայաստանի վարչապետը, ըստ «Արմէնփրես»-ի, կ՛առաջարկէր ժամանակ տրամադրել կառավարութեան ստուգումներ իրականացնելու, որմէ ետք արդէն հանքի շահագործումը կա՛մ պիտի վերսկսի, կամ այլ որոշում մը պիտի տրուի` կախուած արդիւնքներէն: Սակայն ցուցարարները կը պնդէին, որ այդ ընթացքին հանքը պէտք չէ շահագործուի. «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան ներկայացուցիչները անընդունելի նկատեցին այս տարբերակը: Հանդիպումը աւարտեցաւ առանց որեւէ համաձայնութեան, ցուցարարները յայտնեցին, որ պիտի շարունակեն ցոյցերը:




