Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած է Համաշխարհային դրամատան խումբի ելեւմուտքի հատուածի գնահատման ծրագիրի պատասխանատուներուն հետ` Իսֆանտեար Զաման Խանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու ելեւմուտքի հասանելիութեան առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուած է այս առումով կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն եւ ներառականութեան ապահովման հոլովոյթին: Դրամատան ներկայացուցիչները ներկայացուցած են այն աշխատանքները, որոնք ներկայիս կը կատարուին Հայաստանի մէջ` Դրամական միջազգային ֆոնտին հետ գործակցաբար: Յատուկ անդրադարձ կատարուած է 17 հոգիէ կազմուած աշխատանքային խումբին, որ ելեւմուտքի արժեւորման ուսումնասիրութիւն կ՛ընէ Հայաստանի մէջ:
Նախարարը ներկայացուցած է ներդրումային մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ընթացքը, անդրադարձ կատարուած է պետութիւն-մասնաւոր հատուած փոխադարձ գործակցութեան:
Կողմերը խօսած են նաեւ հարկային օրէնսդրութեան, ելեւմտական եւ դրամատնային համակարգին, շուկայի զարգացման եւ այլ հարցերու մասին:



