ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները այժմ կը պատրաստեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այդ մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով` ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:
Ռուս համանախագահ Փոփովի համաձայն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, հաշուի առնելով հարցին նրբութիւնը, նպատակայարմար չի նկատեր հրապարակաւ խօսիլ բանակցութիւններու ներկայ փուլին մասին:
«Եռեակ»-ի համապատասխան յայտարարութիւնը պիտի կատարուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու նախատեսուող հանդիպումին արդիւնքներով միասին: Մենք յոյս ունինք, որ ատոր կատարման ժամկէտները կրնան հրապարակուիլ յառաջիկային», ըսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահը:



