Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարամէ. «Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը Պէտք Է Ներառէ Բոլորը»

July 6, 2018
| Լիբանանեան, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ժիհատ Սամատ, Ուալիտ Սըքքարիէ, Քասեմ Հաշեմ եւ Ատնան Թրապուլսի:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ կարդաց ներկաներու խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ շեշտուեցաւ իբրեւ անկախ սիւննի երեսփոխաններ իրենց պահանջը` ներկայացուելու ազգային միասնականութեան կառավարութեան մէջ:

Քարամէ հաստատեց, որ Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը պէտք է ներառէ բոլորը` ընդգծելով նաեւ, որ պէտք է նկատի առնուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ լիբանանեան ազգային շահերը կ՛ենթադրեն, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ դուրս մնայ կառավարութեան կազմէն, որուն աշխատանքը դէմ յանդիման պիտի գտնուի ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմաց` քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային մակարդակներու վրայ:

Հաղորդագրութիւնը կարդալէ ետք Քարամէ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախարարութիւն ստանձնելու գծով իր անունը առաջարկուած է հանրապետութեան նախագահին չափաբաժինը նկատուող նախարարութիւններու շրջագիծին մէջ, Քարամէ ըսաւ. «Հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ ամենայն յարգանքով եւ սիրով հանդերձ, ես կը հաստատեմ, որ Թրիփոլիի մէջ ընտրուած երեսփոխան եմ եւ կը պատկանիմ Թրիփոլիի արդար իրաւունքին»:

Նախորդը

Հանրապետութեան Հանդիպումը Զգուշացուց Տնտեսական Կացութեան Վտանգներէն

Յաջորդը

Վերջին Հրաժեշտ Նախարար Ալի Քանսոյի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.