Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայր Ղուկաս Ինճիճեան (Ղուզիոս Միքայէլեան, 1758-1833). Հայ Մտքի Եւ Գիտութեան Մեծավաստակ Երախտաւորը

July 4, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի Մխիթարեան միաբաններու լուսաբաշխ համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի հայր Ղուկաս Ինճիճեանը, որուն վախճանումին 185-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչենք յուլիս 2-ին:

Բանասէր եւ հայագէտ, պատմաբան ու աշխարհագրագէտ, աստղաբաշխութեան վարպետ եւ հասարակական գիտութիւններու հմուտ տեսաբան, բազմավաստակ խմբագիր ու մեծարժէք գիտուն` հայր Ղ. Ինճիճեանը անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ գլխաւոր ռահվիրաներէն մէկը 19-րդ դարու հայոց ազգային զարթօնքին:

Հայր Ղ. Ինճիճեանը ոչ միայն Արեւելքի խաւարամտութեան տակ հիւծող հայութեան առջեւ լայնօրէն բացաւ եւրոպական մտքին ու գիտութեան լուսամուտները, այլեւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն ուսուցանողը, տարածիչն ու վերանորոգողը եղաւ:

Յատկապէս իբրեւ գիտուն մտաւորականի եւ անխոնջ հրապարակագիրի եզակի համադրումի մը` հայր Ղ. Ինճիճեանը ամբողջ կէս դար հոգեմտաւոր սնունդ հասցուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Իր ուսումնասիրութիւններն ու աշխատասիրութիւնները անուս բազմութիւններուն մատչելի դարձնելու բնատուր ձիրքը ունէր, աշխարհաբարի առաջին մշակողներէն եղաւ, հայ պարբերական մամուլի նախակարապետ դարձաւ ու յատկապէս տարեգիրքերու հիմը դրաւ հայ իրականութեան մէջ:

Ծնած էր 1758-ին, Կ. Պոլիս: Մեծ հայրը Ադրիանապոլսէն (Էտիրնէ) էր, հանրածանօթ` Ինճիճի Հաճի Միքայէլ անունով: Հայրը Պոլիս հաստատուած Ինճիճի Պօղոս Միքայէլեանն էր: Իսկ մայրը` Տիրուհին, կը յիշատակուի իբրեւ քոյրը Մխիթարեան միաբանութեան մեծանուն պատմաբան Միքայէլ Չամչեանի (1738-1823):

1770-ին հայրը Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն ուղարկեց 12-ամեայ իր զաւակը, որ իր ուշիմութեամբ գրաւեց հոգածութիւնը միաբանութեան առաջնորդ արքեպիսկոպոս Ստեփանոս Ակունց Քուվերին (1740-1824) եւ վայելեց անոր ուշադրութիւնն ու քաջալերանքը: 1774-ին 16-ամեայ պատանին ընտրեց հոգեւորականի կեանքը եւ դարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ: Իսկ 1786-ի վերջերուն վերադարձաւ Կ. Պոլիս, ուր մնաց չորս տարի: 1790-ին վերստին մեկնեցաւ Վենետիկ, ուր գործեց մինչեւ 1805-ի մարտ 14-ը, երբ առողջական պատճառներով բուժման համար դարձեալ վերադարձաւ Պոլիս երկար ժամանակով հոն մնալու եւ աշխարհագրական որոշ վայրեր մօտէն ուսումնասիրելու մտադրութեամբ:

Հայր Ղ. Ինճիճեանը աւելի քան 23 տարի մնաց ու գործեց Կ. Պոլսոյ մէջ: Մեծ ներդրում ունեցաւ 1810-ին հիմնադրուած Արշարունեաց Միութեան աշխուժացումին եւ հզօրացման մէջ: Միութեան նպատակն էր տարածել ռամիկ, այլեւ աշխարհաբար հայերէնով հրատարակուած

գիրքերը: Կազմած էր սեփական մեծ գրադարան մը, որ 1815-ին հրդեհի մը բռնկման պատճառով ամբողջապէս մոխիր դարձաւ: Հրոյ ճարակ դարձան նաեւ մեծ թուով իր ձեռագիրները, որոնց շարքին` «Օսմանեան պետութեան աշխարհագրութիւն» անուն իր ծաւալուն գործին երկրորդ եւ երրորդ հատորները:

1819-ին Արշարունեաց միութեան հովանաւոր Գիւզեան ունեւոր ընտանիքը օրուան իշխանութեանց կողմէ ենթարկուեցաւ հալածանքի, եւ հայր Ղ. Ինճիճեան` իբրեւ ընտանիքին մտերիմը, խոյս տուաւ դէպի Օտեսա: Թէեւ տարի մը ետք դրութիւնը կարգաւորուեցաւ, եւ հայր Ինճիճեանը 1820-ին վերադարձաւ Կ. Պոլիս, բայց Գիւզեան ընտանիքի գլխուն եկած փորձանքին պատճառով Արշարունեաց միութիւնը կազմալուծուած գտաւ: Այդ պատճառով ալ, միութեան կողմէ նիւթապէս մատակարարուող հայր Ղ. Ինճիճեանի հրատարակած մեծարժէք «Եղանակ Բիւզանդեան-Բազմավէպ» տարեգիրքը եւս դադրեցաւ լոյս տեսնելէ:

Ընդհանրապէս կաթողիկէ հայերու նկատմամբ հալածանքի տարիներ էին 1820-ականները. 1828-ի սկզբնաւորութեան Կ. Պոլսոյ կաթողիկէ հայերը աքսորուեցան իշխանութեանց կողմէ: Հայր Ինճիճեան Պոլիս մնալը այլեւս վտանգաւոր համարելով` նոյն տարուան մայիսին վերջնականապէս գնաց Վենետիկ, ուր տարի մը առաջ վախճանած հայր Գաբրիէլ Աւետիքեանի (1751-1827) փոխարէն ընտրուեցաւ միաբանութեան փոխառաջնորդ: Այդ պաշտօնին վրայ ալ վախճանեցաւ 2 յուլիս 1833-ին:

Հանրագիտական աղբիւրները միաձայնութեամբ կը շեշտեն, որ հայր Ղուկաս Ինճիճեանը իր անունին կապեց բանասիրական եւ խմբագրական բեղուն ու մեծարժէք վաստակ մը: Յատուկ գնահատանքի արժանի են.

– 1791-ին Վենետիկ լոյս տեսած իր «Տեսութիւն համառօտ հին եւ նոր աշխարհագրութեան» չափածոյ երկը, որ նաեւ լրիւ թարգմանուած է իտալերէնի, իսկ մասնակիօրէն` ֆրանսերէնի:

– 1794-ին հրատարակուած «Ամարանոց Բիւզանդեան» գիրքը:

– 1799-1802-ին` «Տարեգրութիւն»-ներու շարքը, որ «Ազդարար»-էն ետք երկրորդ պարբերականը եղաւ հայ իրականութեան մէջ, նաեւ եղաւ առաջինը` աշխարհաբար լեզուի իր գործածութեամբ: Կը պարունակէ ժամանակաշրջանի հասարակական-քաղաքական իրադարձութեանց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:

– 1803-20-ին, «Տարեգրութիւն»-ներու փոխարէն, լոյս տեսած «Եղանակ Բիւզանդեան-Բազմավէպ» աշխարհաբար տարեգիրքը, աւելի ճոխ ու բազմազան բովանդակութեամբ, նաեւ` աւելի մեծ ծաւալով ու գեղեցիկ նկարազարդումներով:

– 1824-էն սկսեալ հրատարակուած «Դարապատումներ» շարքը, տարեկան մէկ կամ երկու հատորով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ դարաշրջանի մը քաղաքական եւ մշակութային իրադարձութեանց պատմութիւնը:

Հայր Ղուկաս Ինճիճեանին թողած ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ պատմաբանասիրական եւ աշխարհագրական ուշագրաւ հետազօտութիւններ, որոնք կը պարունակեն հարուստ նիւթեր` հին Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, տեղագրութեան եւ հնութեանց մասին:

Անոնց կարեւորագոյններն են`

– «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի» բազմահատորեակի առաջին մասին Ա. հատորը եւ երկրորդ մասին Ե.- Զ. հատորները (1806, 1804):

– «Ստորագրութիւն հին Հայաստանեայց»-ը (1822), ուր մանրամասնօրէն ներկայացուած են պատմական Հայաստանի 16 նահանգները, տրուած է անոնց տեղակագրական եւ աշխարհագրական նկարագիրը:

– «Հնախօսութիւն աշխարհագրական Հայաստանեայց աշխարհի» (երեք ստուար հատորներ, տպուած` Վենետիկ, 1835-ին):

Հայր Ինճիճեան հրատարակած է նաեւ քանի մը մասնայատուկ աշխատութիւններ, որոնք իբրեւ դասագիրք օգտագործուած են ատենին, ինչպէս` «Պատմութիւն կենդանեաց ի չորս կարգս բաժանեալ` ի ցամաքային, ի ջրային, յերկակենցաղ եւ յօդային» (Վենետիկ, 1801: Բ. տպագրութիւն` 1810):

Վերջապէս, բայց ո՛չ վերջինը, յատուկ յիշատակութեան արժանի է հայր Ղուկաս Ինճիճեանի աշխատասիրութիւնը «Ազգասիրութեան մասին», զոր հայ մտքի եւ գիտութեան մեծարժէք այս Մխիթարեանը գրած էր 1812-ին, Արշարունեաց միութեան խնդրանքով` ներկայացնելու համար իր համոզումներն ու տեսակէտները ի պաշտպանութիւն հայոց ազգային հոգեմտաւոր գանձարանին:

 

 

 

Նախորդը

Ծնողներու Մեծարանքի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ Շնորհալի Երգչախումբին

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Քառօրեայ Ժողովը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.