ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ ճնշում բանեցնել Իրանի վրայ: Ան Իրանը նկարագրած է իբրեւ նոր Հիւսիսային Քորէան:
«Մենք կը ծրագրենք ճնշում բանեցնել Իրանի վրայ եւ կը յուսանք, որ միւս երկիրներն ալ միանան մեզի, որովհետեւ, մեր կարծիքով, Թեհրան նոր Հիւսիսային Քորէան է»:
Ան նշեց, թէ Ուաշինկթըն վստահ է, որ Իրան վտանգ կը ներկայացնէ` յայտնելով, որ այս կարծիքը հիմնուած է իսկական փաստերու վրայ:
Հէյլի ընդգծեց, որ հակառակ անոր որ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացած է, ատիկա կը շարունակէ խախտել միջազգային որոշումները: Ըստ անոր, Իրան խախտեց հեռահար հրթիռներու ստեղծման մասին համաձայնագիրը, կ՛աջակցի ահաբեկչութեան, կը ծախէ զէնքերը եւ զանոնք կը հայթայթէ Եմէնի հուսիներուն:



