Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աունի Հետ Համաձայն Եմ, Եւ Հաստատ Լուծումի Մը Պիտի Յանգինք. Լաւատես Եմ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յունիս 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ շարունակեց քննարկել կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` ընդգծելով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը շատ յստակ է` կառավարութեան կազմութեան առումով:

Ան նշեց, որ սահմանադրութեան առաջին պաշտպանը հանրապետութեան նախագահն է, իսկ վարչապետին իրաւասութիւնները ծանօթ են բոլորին: «Ես եւ նախագահ Աուն համաձայն ենք գրեթէ ամէն բանի շուրջ», ըսաւ վարչապետը:

Ան դիտել տուաւ, թէ կան որոշ հարցեր, որոնք «ցած կրակի վրայ» պէտք է լուծուին` կազմել կարենալու համար կառավարութիւնը: «Հաստատ լուծումի մը պիտի յանգինք, եւ ես լաւատես եմ այդ իմաստով», յայտնեց Հարիրի:

Ան աւելցուց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները արդէն իսկ ամբողջացած են, եւ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին պէտք է կազմել: «Կան որոշ հարցեր, որոնց լուծումը չենք կրցած ապահովել, բայց եւ այնպէս մենք լուծումներուն շատ մօտ ենք, եւ բոլորը այս գծով կը գործակցին մեզի հետ», շեշտեց Հարիրի:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին վերջ տալու տեղեկատուական բանավէճերուն, որոնք ոչ մէկ կերպով կրնան օժանդակել կառավարութեան կազմութեան: «Ի վերջոյ բոլորը կը փափաքին ծառայել Լիբանանին, եւ պէտք է ծառայել լիբանանցիներուն», հաստատեց վարչապետը:

Հարիրի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները, ինչպէս` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Լիբանան այցելութեան արդիւնքներն ու տնտեսական մարզին պարզած իրավիճակը` նկատի ունենալով, որ արձանագրուած տնտեսական աճը 1,5 եւ 2 առ հարիւրի վրայ կը շարունակէ մնալ:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան պարագային տնտեսական աճ պիտի արձանագրուի` նկատի ունենալով, որ առանց կառավարութեան նոր կազմին կարելի չէ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին բարիքներէն օգտուիլ:

«Այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ համախոհութիւն կը տիրէ, ապա անիկա լաւ է երկրին համար: Մենք հանրապետութեան նախագահին հետ ունինք համաձայնութիւն մը, որ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ: Իսկ սիւննի երեսփոխաններ Պիլալ Ապտալլա, Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Մախզումի եւ Ուսամա Սաատ ընդդիմադիր սիւննիներ չեն», ըսաւ Հարիրի` վերահաստատելով, որ կառավարութիւնը պիտի բաղկանայ 30 նախարարներէ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Իրաքի նախկին փոխնախագահ Իյատ Ալլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրաքեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի Պաղտատ կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Իրաքի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը: Քննարկուեցան Աքուրայի եւ Եամմունէի միջեւ ծագած հարցերը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ «Լա Մարինա» ընկերութեան վարչութիւնը, որուն ներկայութեան նախագահ Աուն շեշտեց, որ զբօսաշրջական առումով այս տարի Լիբանանի լաւագոյն տարին կարելի է նկատել` աւելցնելով, որ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը ժամանակի կը կարօտի:

«Լիբանան կը պատրաստուի տնտեսական իր ծրագիրը յայտարարելու եւ ճշդելու այն մարզերը, ուր ներդրումներ կարելի է կատարել: Տնտեսական կացութեան բարելաւումը կ՛ենթադրէ ունենալ ճիգ թափող ժողովուրդ մը, որ չէ յուսալքուած», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց խորհրդարանին` կատարելու իր օրէնսդրական աշխատանքը, խոստանալով յաւելեալ նուաճումներ իրագործել:

Նախորդը

Սարրաֆ Ամերիկեան Պատուիրակութեան Ներկայացուց Լիբանանի Վրայ Տեղահանուածներուն Պատճառած Տնտեսական, Ընկերային Եւ Ապահովական Հետեւանքները

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է Մարտակերտի Ազատագրութեան 25-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?