Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն. Էրտողան Եւ Իր Դաշինքը Յառաջատար` Նախագահական Եւ Խորհրդարանական Արդիւնքներուն

June 25, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Կրցաւ Յաղթահարել Անցման Շեմը

Երէկ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ:

Նախագահական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն պատկերը հետեւեալն է` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու ձեւաւորած «Ժողովրդական դաշինք»-ի թեկնածու, գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստացած է ընտրողներու ձայներուն 52,5 առ հարիւրը, Էրտողանի գլխաւոր մրցակիցը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Մուհարեմ Ինճէ ստացած է ձայներուն 30,7 առ հարիւրը, Լաւ կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Մերալ Աքշեներ` 7,4, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Սելահեթթին Տեմիրթաշ` 8,3, Երջանկութիւն կուսակցութենէն Թեմել Քարամոլլաօղլու` 0,9, իսկ Հայրենիք կուսակցութենէն Տողու Փերինչեք` ձայներու 0,2 տոկոսը:

 

Խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն պատկերը հետեւեալն է`  Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազգային շարժում կուսակցութիւններու «Ժողովրդական դաշինք»-ը ստացած է ընտրողներու ձայներուն 53,6 առ հարիւրը, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի, Լաւ, Երջանկութիւն կուսակցութիւններու միասնական «Ազգային դաշինք»-ը` 34,2 տոկոսը, Քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ստացած է 11,5 տոկոս` անցնելով նախընտրական շեմը: Հայրենիք եւ Ազատ գործ կուսակցութիւնները միասին 0,5 տոկոս քուէ ունին:

Երէկ աւելի ուշ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահութեան փոխանորդ, Տիգրանակերտէն երեսփոխանութեան թեկնածու Կարօ Փայլան ընտրուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ:

Խորհրդարանի անդամ վերընտրուեցաւ նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Մարգար Եսայեան:

Էրտողան Կը Սպասէ, Մինչ Իր Հիմնական Հակառակորդը Կը Ժպտայ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր լաւատեսութիւնը յայտնեց երէկ կայացած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն գծով:

Էրտողան ընտրութիւններու աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ ըսաւ, թէ այժմ ընտրութիւնները կ՛ընթանան ամենայն լռութեամբ, եւ իրենք կը հետեւին կացութեան, եւ ինք բան մը պիտի չըսէ այժմ:

Միւս կողմէն, Էրտողանի հիմնական հակառակորդ Մուհարեմ Ինճէ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին վրայ արտայայտած է իր լաւատեսութիւնը եւ գրած է. «նախնական արդիւնքները սկսան յայտնուիլ. ես կը ժպտամ»:

Աւելի ուշ, ընդդիմութիւնը կասկածի տակ դրաւ յաջորդական ձեւով հրատարակուող արդիւնքները` կառավարական լրատուական միջոցները մեղադրելով անոնց չափազանցութեան եւ կեղծման համար:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտնեց, որ իրենց հասած թիւերը ցոյց կու տան, որ Մուհարեմ Ինճէ ստացած է ձայներուն 40 առ հարիւրը, մինչ Էրտողան` 48 առ հարիւրը:

Թրքական ընդդիմութիւնը կը յուսայ, որ իր թեկնածուն անցնի երկրորդ փուլ, ինչ որ պիտի նուազեցնէ Էրտողանի յաղթելու կարելիութիւնը:

 

Նախորդը

Քըլըճտարօղլու. «Ժամանակն Է, Որ Սուրիացի Գաղթականները Վերադառնան Իրենց Երկիրը»

Յաջորդը

Բոլոր Շրջանաւարտներուն` Հրաւէր Դերակատարութեան Եւ Գործօն Մասնակցութեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.