Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ կանուխ առաւօտեան ոստիկանները ձերբակալեցին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի ենթադրեալ անդամներ, որոնք, ըստ իրաւապահներուն, մտադիր էին 24 յունիսին` նախագահական ընտրութիւններու օրը ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:
Թրքական աղբիւրներու վկայութեամբ` բոլոր 14 ձերբակալուած կասկածելիները օտարերկրացիներ են:
Թուրք իրաւապահները չեն հաղորդեր ծրագրուած ահաբեկչական գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները, սակայն կը նշեն, որ ձերբակալութիւններուն ընթացքին գրաւած են «համապատասխան իրեղէն ապացոյցներ եւ նիւթեր»:



