Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Թուրքիա դարձած է յոյսի շող աշխարհի բոլոր անիրաւուածներուն համար: Ան շեշտեց, որ Թուրքիա կանգնած է պաղեստինցիներուն կողքին` իրենց բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ գաղթական սուրիացիներուն եւ իրաքցիներուն կողքին:
«Մենք բոլորին կողքին կանգնած ենք, բայց պիտի ըլլանք մղձաւանջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն համար, որոնք կը փորձեն բաժնել մեր երկիրը»` ընդգծեց Եըլտըրըմ` աւելցնելով, որ Թուրքիա դարձած է ճնշուածներուն յոյսը աշխարհին մէջ, որովհետեւ կը հոգայ մարդկայնութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան արժէքներուն:



