ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ Մընպեժի «Ճամբու քարտէս»¬ին շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն մը, որ առանց Սուրիոյ կառավարութեան արտօնութեան Սուրիոյ տարածք մուտք գործած երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւն մըն է, ուստի եւ ժամանակաւոր:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ ատիկա «Միացեալ Նահանգներու հետ վատթարացած յարաբերութիւնները իրենց հունին վերադարձնելու առիթ մըն է»: Թիւր ընկալումները բացառելով թուրք-ռուսական յարաբերութիւնները թուրք-ամերիկեան համաձայնութեան կողմնակի ազդեցութենէն պաշտպանելու փորձով մը, Անգարա Մընպեժի շուրջ համաձայնութեան մանրամասնութիւններէն տեղեակ պահեց Մոսկուան:
Թուրքիա սկզբնական շրջանին, մասնաւորաբար ռուսական ռմբաձիգի վար առնուելէն ետք, Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ իր կրած ծանր կորուստներէն ետք հասկցաւ, որ չի կրնար իր շահերը պաշտպանել առնչակից շրջանային ու միջազգային կողմերուն` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ ուղղակիօրէն հակադրուելով կամ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեան մէջ «կողմ» ըլլալով, ուստի ճակատումի քաղաքականութիւնը փոխարինեց համադրումի քաղաքականութեամբ` արձանագրելով նկատառելի յաջողութիւններ, ինչպէս` Աֆրինի գրաւումը եւ այժմ Մընպեժէն քրտական ուժերու հեռացումը: Ձեռքբերումներ, որոնք կրնան նպաստել Էրտողանի ընտրապայքարին:
Մընպեժի շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ հակառակ թրքական կողմէն Ուաշինկթընի հասցէին հնչող սուր կեցուածքներուն: Վերջիններուս անհետեւանք մնալը կարելի չէ վերագրել ամերիկեան կողմի «համբերատարութեան», այլ պարզապէս Պաղ պատերազմին յաջորդած պայմաններուն: Արդարեւ, շնորհիւ շրջանին մէջ իրանեան գործօնի գոյութեան, Պաղ պատերազմի աւարտը մեծ ազդեցութիւն չունեցաւ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան վրայ եւ նոյն ատեն անոր շնորհեց ճկունութիւն ու ազատ գործելու կարելիութիւն: Նկատելի է, որ Պաղ պատերազմի աւարտին շնորհիւ համաձայնութիւնները դուրս եկան «ինծի հետ կամ ինծի դէմ» եւ «ամբողջը կամ ոչինչ» մտածելակերպէն ու սկսան գոյացուիլ տարբեր խնդիրներ իրարմէ անջատելով: Այսպէս, Թուրքիոյ ռուսական «Էս¬400»-ներ գնելու «գայթակղութիւն»-ը արգելք չեղաւ Մընպեժի շուրջ համաձայնութեան գոյացման:
Անգարան յաջողեցաւ քիւրտ զինեալները հեռացնել Մընպեժէն, սակայն չկրցաւ ամերիկեան զէնքերու յանձնումը ապահովել եւ Ուաշինկթընի կողմէ քրտական ուժերուն աջակցութիւնը արգիլել: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան օրն իսկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով աջակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ արեւելքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ քրտական ուժերու գործողութիւններուն եւ հպարտութիւն յայտնեց անոնց հետ գործակցելուն համար: Այլ խօսքով` մերժեց «ահաբեկչական խմբաւորում»-ի մը հետ գործակցելու թրքական ամբաստանութիւնը եւ ընդգծեց, որ քիւրտերուն նկատմամբ ամերիկեան աջակցութիւնը պիտի շարունակուի:
Միւս կողմէ, քիւրտերը Աֆրինէն ետք կորսնցուցին նաեւ Մընպեժը, սակայն այս անգամ առանց դիմադրութեան: Թուրք¬ամերիկեան համաձայնութեան կնքումէն ետք, անոնք իրենց հովիւին թելադրանքով արտօրալով ու առանց գանգատի հեռացան շրջանէն: Մընպեժի անկումով չքացաւ Եփրատի արեւմտեան ափին վրայ քրտական գործօնը: Իսկ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քրտական գործօնին վերջալոյսը: