Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄՈԱԼԼԵՄ ԱՆԳԱՐԱՆ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՍՈՒՐԻԱՆ ԴԷՊԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄՂԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

November 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոալլեմ` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ Դամասկոսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հիլըրի Քլինթընն ու Ահմեթ Տաւութօղլուն ամբաստանեց «Սուրիան դէպի քաղաքացիական պատերազմ մղելու» յանցանքով` վստահեցնելով, որ Սուրիոյ մէջ այդպիսի բան տեղի պիտի չունենայ:

Մոալլեմ նաեւ «արաբական կողմեր» ամբաստանեց սուրիական տագնապը միջազգայնացնելով զայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցելու համար Արաբական լիկան օգտագործել փորձելու յանցանքով:

Ան յայտարարեց, որ իր վարչակարգը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային կռուելու` յայտնելով, որ «եթէ մեզի կռիւ պարտադրուի, ապա պիտի կռուինք, եւ կը յուսանք, որ չպարտադրուի, որովհետեւ Սուրիոյ հարցերը միայն սուրիացիները կը լուծեն»` հաստատելով, որ «մեր ժողովուրդը կրնայ մեր հայրենիքը պաշտպանել»:

Մոալլեմ յայտնեց, որ այն արձանագրութիւնը, զոր Արաբական լիկան կը պահանջէ, որ Դամասկոս ստորագրէ, Սուրիոյ կողմէ արաբական ծրագիրի գործադրման հսկելու նպատակով Սուրիա այցելելիք արաբական յանձնախումբին կու տայ լիազօրութիւններ, որոնք «խոչընդոտ»ի եւ «գերիշխանութեան խզման» համազօր են:

Անդրադառնալով արձանագրութիւնները ստորագրելու համար Արաբական լիկային կողմէ Սուրիոյ տրուած եռօրեայ պայմանաժամին, որ երէկ աւարտեցաւ, ան ըսաւ, որ այդ յանձնախումբի հարցը տակաւին լիկային հետ քննարկումի հարց է, իսկ իրենց կարծիքով, հիմնական հարցը այդ պայմանաժամը չէ, այլ արձանագրութեանց բովանդակութիւնը եւ լիկային հետ համաձայնութեան գոյացումը, «ուստի եթէ բարի նպատակներ ունիք, պայմանաժամը մէկդի ձգեցէք»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները հինգշաբթի օր սուրիական տագնապը քննարկելու ժողով մը պիտի գումարեն: Միւս կողմէ, Արաբական լիկան մերժեց իր առաջադրած արձանագրութիւններուն վրայ Սուրիոյ կողմէ առաջարկուած բարեփոխումները` զանոնք նկատելով արձանագրութիւններուն «էութիւնը խախտող»:

Երէկ առաւօտեան հրթիռներ հարուածեցին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ իշխող Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին: Սուրիական բանակէն անջատուածներէ կազմուած «Սուրիական ազատ բանակ»-ը ստանձնեց կեդրոնին դէմ յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Մինչ այդ` բազմահազար սուրիացիներ Դամասկոսի մէջ արտաքին միջամտութիւնները մերժող եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի զօրակցող բազմամարդ ցոյց մը կատարեցին:

Ասատ բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը միջազգային որեւէ միջամտութեան առջեւ գլուխ պիտի չծռէ` շեշտելով, որ ինք պատրաստ է կռուելու եւ մեռնելու, «եթէ ստիպուի օտար ուժեր դիմակայելու»: Ան վստահեցուց, որ «պայքարը եւ Սուրիան ծունկի բերելու ճնշումը պիտի շարունակուին», սակայն «Սուրիա պիտի չընկրկի»: Ան Արաբական լիկան ամբաստանեց արեւմտեան զինուորական միջամտութեան համար պատրուակ ստեղծելու համար` անգամ մը եւս նշելով, որ այդպիսի զարգացում մը շրջանին մէջ «երկրաշարժ» պիտի պատճառէ եւ «բոլոր երկիրները պիտի ներառէ»:

Սէուտական «Շարք» օրաթերթը կը գրէ, որ Յորդանան սուրիական բանակէն անջատուածներու ապաստանարան կը տրամադրէ: Յորդանանեան ընդհանուր ապահովութեան ուժերէն աղբիւր մը յայտնեց, որ սուրիական բանակէն անջատուած հարիւրաւոր զինուորներ մուտք կը գործեն Յորդանան, ուր հանգրուանային կերպով կը փոխադրուին Յորդանանի խորքը գտնուող ապահով շրջաններ` Ռամթա եւ մայրաքաղաք Ամման, իսկ այդ զինուորներէն ոմանք Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երթեւեկ կը կատարեն:

 

Նախորդը

ԹԱՀՐԻՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԵՒ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։