Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէական Պատուիրակութիւնը Թրամփ-Ըն Հանդիպումին Ընդառաջ Մեկնած Է Սինկափուր

May 30, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի պատուիրակութիւնը հասած է Սինկափուր` քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ տեղի ունենալիք պատմական հանդիպումին մանրամասնութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ» կայքը` աւելցնելով, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը եւս Սինկափուր կ՛ուղղուի:

Նշենք, որ 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հանդիպումը:

Թրամփ յայտարարած էր, որ Ընի հետ տեղի ունենալիք պատմական հանդիպումը ջնջուած է, որովհետեւ Փիոնկիանկ Ուաշինկթընի հետ համագործակցութեան եզրեր չի փնտռեր ու թշնամական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ:

Ատոր ի պատասխան, Հիւսիսային Քորէան յայտնած էր, որ անկախ ամէն բանէ` պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ հանդիպելու: Ատոր յաջորդած էր Ուաշինկթընէն ստացուած նոր տեղեկութիւնը, թէ Թրամփ-Ըն հանդիպումը պիտի կայանայ:

Հիւսիսային Քորէայի իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Ռոտոնկ» օրաթերթը երէկ Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց դադրեցնելու Հարաւային Քորէայի հետ իր միացեալ ռազմափորձը, որովհետեւ այդ ռազմափորձը «երկխօսութեան մթնոլորտին համահունչ վարմունք չէ»:

Օրաթերթը հարց տուաւ, թէ այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ եւ Հիւսիսային Քորէան իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերուն շուրջ երկխօսութեան կը ձեռնարկեն, արդեօք Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հարաւային Քորէայի հետ ռազմափորձ կատարելու կարիքը կա՞յ:

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Իրանի Մէջ Ներդրումներ Կատարած Եւրոպական Ընկերութիւնները Պաշտպանելու Մեքանիզմներուն Մշակումը» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Յաջորդը

Լիեժի Մէջ Զինեալ Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.