Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՔԱՆԱԱՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

November 19, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երեսփոխան Քանաան եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ելեւմտական մարզին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նիւթական հարցեր, յատկապէս այնպիսի թղթածրարներ, որոնք երկար ատենէ ի վեր անլոյծ մնացած են:

Քանաան շեշտեց, որ հանդիպումը շինիչ էր եւ դրական` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային կարելի ըլլայ խորհրդարանական եւ կառավարական մակարդակներու վրայ լուծումներ գտնել այդ հարցերուն:

Քանաան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը կարիք ունի հաշուեքննիչ իր յանձնախումբերն ու խորհուրդները բարելաւելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ նիւթական եւ պիւտճէական յստակ տեղեկագիրներ ունենալ:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանցի գործատէրերու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան հետ: Քննարկուեցան համադաշնակցութեան իրագործած եւ ներդրումի վերաբերող նոր ծրագիրները:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Եուսեֆ Ալի Օսայմին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ յետմիջօրէին վարչապետ Միքաթի նախագահեց քարիւղի պեղման յատուկ նախարարական յանձնախումբի երրորդ նիստին:

Նիստէն ետք, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան քարիւղի պեղման յատուկ օրէնքներու ճշդման քայլերը. ան յոյս յայտնեց, որ յանձնախումբը իր յաջորդ նիստին արդէն իսկ աւարտէ այդ աշխատանքը:

Միւս կողմէ, պէտք է նաեւ աւելցնել, որ նախքան նիստին գումարումը, վարչապետ Միքաթի ընդունած էր նաեւ նախարար Պասիլը, որուն հետ քննարկած էր անոր ստանձնած նախարարութեան հարցերը:

Այլ գետնի վրայ, յառաջիկայ 28 նոյեմբերին վարչապետ Միքաթի պիտի այցելէ Վատիկան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ:

Նախորդը

ՇԱՐՊԵԼ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉՈՒՆԻՆՔ»

Յաջորդը

ՔԱՍԼԻՔԻ Ս. ՀՈԳԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ` ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։