Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺԻՒՓԷ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ. «ՖՐԱՆՍԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՈՐԵՒԷ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ Է»

November 19, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժիւփէ եւ Տաւութօղլու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ հինգշաբթի օր Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէ մը զգուշացումէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին երէկ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ «դէպի քաղաքացիական պատերազմ ընթանալու վտանգներէն»: Ան ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «սուրիական բանակէն անջատուածները վերջերս սկսան շարժիլ, այդ պատճառով ալ դէպի քաղաքացիական պատերազմ ընթանալու վտանգներ գոյութիւն ունին», սակայն աւելցուց, որ «առայժմ դժուար է քաղաքացիական պատերազմի մասին խօսիլ, որովհետեւ այդ պարագային երկու կողմեր իրարու դէմ կը ճակատին, իսկ ներկայ կացութեան մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը ապահովական ուժերուն կողմէ յարձակումի կ՛ենթարկուի, սակայն միշտ ալ վտանգներ գոյութիւն ունին»:

Տաւութօղլու վստահեցուց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ ազգային խորհուրդին պիտի օժանդակէ միջազգային ընտանիքին եւ սուրիացի ժողովուրդին հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու»` աւելցնելով, որ «ներկայ հանգրուանին կարեւոր է, որ Սուրիոյ ազգային խորհուրդը սուրիացի ժողովուրդին ու միջազգային ընտանիքին հետ կապի մէջ ըլլայ եւ իբրեւ սուրիացի ժողովուրդէն բխած մարմին  ժողովրդային յենարան մը ունենայ»:

Ան նշեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ ազգային խորհուրդը կը ճանչնայ իբրեւ «քաղաքական կուսակցութիւն» եւ սուրիական տագնապին մէջ զրուցակից:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ Անգարայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց` արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրելու:

Ժիւփէ իր կարգին զօրակցեցաւ Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու գաղափարին, սակայն նշանակալից յայտարարութեամբ մը նշեց, որ «Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ միակողմանի որեւէ միջամտութեան դէմ է»` աւելցնելով, որ «որեւէ միջամտութիւն պէտք է տեղի ունենայ ՄԱԿ-ի ճամբով»: Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ իր կարգին «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուելիք միջամտութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համամտութեան կը կարօտի: Նշենք, որ Ժիւփէ-Տաւութօղլու հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Նախքան Տաւութօղլուի հետ իր հանդիպումը, Ժիւփէ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքիրի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ պահանջուած բարեփոխումները չկատարելէ ետք, Սուրիոյ վարչակարգին համար իշխանութեան վրայ մնալու «առիթը այժմ անցած է»: Ան նշեց, որ Ֆրանսա եւ Թուրքիա սուրիական տագնապին նկատմամբ մօտեցումին մէջ համամիտ են եւ այդ թղթածրարին շուրջ պիտի գործակցին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա պէ՞տք է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծէ, Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Այդ որոշումը Թուրքիոյ կը վերաբերի, սակայն կը կարծենք, որ այդպիսի միջոցառումներ պէտք է որդեգրուին միջազգային նախաձեռնութեան մը ծիրին մէջ»` նշելով, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միակ մարմինն է, որ պարտադիր միջոցառումներ պարտադրելու իրաւասութիւնը ունի:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Սուրիոյ հարցով ինքնազսպում եւ զգուշութիւն ցուցաբերելու:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդած էր, որ սուրիական ընդդիմութիւնը, Թուրքիան եւ Արաբական լիկան ունին սուրիական վարչակարգը տապալելու միացեալ ծրագիր մը, որ կը նախատեսէ Սուրիոյ մէջ ստեղծել ապահովական գօտի մը, որուն մէջ իյնայ Հալէպը, որ սուրիական ընդդիմութեան համար պիտի ըլլայ «սուրիական Պենկազի» մը, սակայն թրքական կողմը այդ ծրագիրը իրագործելու համար կը նշէ երեք պայմաններ, որոնց գլխաւորը այն է, որ այդ քայլին դիմելու որոշումը Ապահովութեան խորհուրդէն բխած որոշումի մը հիմամբ ըլլայ: Թուրքիա նաեւ կը պահանջէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը միացեալ դառնայ եւ Արաբական լիկան ամբողջական կերպով զօրակցի Թուրքիոյ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը այդ քայլին երաշխաւորի դերակատարութիւնը ստանձնէ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ծրագիրը կը շեշտէ, որ Սուրիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւն մը երբեք պիտի չըլլայ: Օրաթերթը կը գրէ, որ Արաբական լիկան այդ ծրագիրի յաջողութեան մէջ կենսական դերակատարութիւն պիտի ունենայ, որովհետեւ որոշուած է, որ այդ գօտիի հաստատման խնդրանքով ան Ապահովութեան խորհուրդին դիմէ:

Մինչ այդ, արեւմտեան երկիրներ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գործակալութեան անդամներուն փոխանցեցին Սուրիան բուռն կերպով դատապարտող բանաձեւ մը: Շարք մը դիւանագէտներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Քաթար, Մարոք եւ Քուէյթ կը սերտեն այդ ոչ պարտադիր բանաձեւին համահովանաւորութիւնը ստանձնելու հարցը:

Միւս կողմէ, մինչ մարոքեան աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Դամասկոս համաձայնած է արաբ դէտեր Սուրիա ուղարկելու Ռապաթի վեհաժողովէն բխած արձանագրութեան, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարէն ստացած է նամակ մը, որ «օրինական կեդրոնի եւ Արաբական լիկայի կողմէ դէտերու Սուրիա ուղարկումի արձանագրութեան ծրագիրին շուրջ բարեփոխումներ կը բովանդակէր»: Ան աւելցուց, որ բարեփոխման այդ առաջարկները ներկայիս կը քննարկուին:

ԺԻՒՓԷ. «ՖՐԱՆՍԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ երէկ Անգարայի մէջ «մարտահրաւէր» կոչեց 1915 թուականի իրադարձութիւններուն նիւթը` իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնելով հիւրընկալելու անոր շուրջ հայ-թրքական քննարկումները:

Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ժիւփէ նշեց, որ բոլոր մեծ երկիրները աշխատանք կը կատարեն իրենց պատմութիւնը ուսումնասիրելու ուղղութեամբ:

Ժիւփէ յայտնեց, որ այսպիսի աշխատանք կրնայ կատարուիլ պատմական յանձնախումբին մէջ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը որակելով իբրեւ դժուար` թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի համար. ան աւելցուց, որ Ֆրանսա կրնայ այսպիսի հանդիպում մը հիւրընկալել:

Նախորդը

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԿԱՏԱՐԵԼ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՌՋԵՒ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՔԱՊԱՍ»-Ի ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՍԱՅԼԵՐ ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՃՆՇԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԽՈՒԺԱԾ ԵՆ ԶԱՄԹԱ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։