Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒԷՆ ԱՆԿՈՒՄԸ ԿԸ ՔԱԼԷ»

March 22, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբ գրային էջերէն քաղուած այս իմաստալից նախադասութիւնը կը վերաբերի ոչ միայն մեր ընկերային կամ հաւաքական կեանքը բաղկացնող անհատներու վարքին, այլեւ` երկիրներ կառավարող պետական դէմքերու, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

Հպարտութիւն ըսելով` պէտք է հասկնալ անձի մը հոգեբանութեան մէջ շաղուած յոռի տրամադրութիւն, որ կարելի է մեկնաբանել իբրեւ եսակեդրոն, ինքնահաւան, նախանձոտ: Այս ոլորտին մէջ կարելի է անդրադառնալ ուրիշ երեւոյթի մը մասին, որ այս պարագային անմիաստ եւ անպէտք յամառութիւնն է: Նման անձերու հետ յարաբերութիւն ունենալը քիչ մը դժուար է: Կարելի է այդպիսիներուն հետ «ընտելանալ» դիւանագիտութեան օժանդակութեամբ, քիչ մըն ալ «այո» ըսելով անոր ամէն տեսակէտներուն, համոզումներուն, անշուշտ` հեռու մնալու համար վէճեր արծարծելու վիճակէն:

Անհատներու պարագային անտեղի եւ աւելորդ հպարտութիւնը կարելի է վերագրել ենթակային տգիտութեան, որ նոյն ատեն կ՛արտայայտուի գերադասութեան բարդոյթով: «Ես  եմ լաւագոյնը, իմ կարծիքն է ամէնէն ճիշդը»` կը յայտարարէ հպարտութեան ախտով վարակուած անհատը:

Այս օրերուն, երբ կը լսենք հեռու եւ մօտ երկիրներէ, նոյնիսկ` մեր երկրէն, պատերազմներ բռնկեցնող նախագահներ, պետական դէմքեր, որոնք վստահած իրենց նիւթական գանձերուն, անհատնում հարստութեան` իրենց հպատակ ժողովուրդները կը չարչարեն, կը սպաննեն, որպէսզի մշտնջենական մնայ իրենց իշխանութիւնը եւ նկատուին ամենամեծը, ամենակարողը: Անոնք կ՛արհամարհեն, կ՛անտեսեն ժողովուրդին իրաւունքները` մարդավայել կենսաձեւ մը ունենալու: Ժողովուրդը կը մխրճուի աղքատութեան, չքաւորութեան ճահիճին մէջ, բայց ոչ մէկ մեծաւոր կը գթայ կամ խղճահարութեան զգացում կ՛ունենայ:

Հպարտութիւնը մահացու մեղքերէն մէկը նկատուած է քրիստոնէական հանգանակին մէջ: Նախքան սուրբ հաղորդութիւն ստանալը` հաւատացեալը պէտք է հետեւի զղջումի աղօթքին եւ իր «մեղան» արտայայտէ հաւատքով:

Նախախնամութեան պարգեւած շնորհներով օժտուած անձեր որքան ազնիւ ու խոնարհ ըլլան, այնքան աւելի կը յարգուին շրջապատին մէջ: Այսպիսիք սիրելի կը դառնան ընկերութեան մէջ եւ կը փնտռուին իբրեւ օգտակար եւ օրինակելի անձնաւորութիւն: Հակառակը, այս պարագային ժխտական հետեւանք կ՛ունենայ: Իր շնորհներով կամ տաղանդով փքուած անհատը ժամանակաւոր յարգանք կը վայելէ: Այս միջոցին ան կրնայ համբաւ ունենալ, բայց երբ ժամանակի ընթացքին անոր պարծենկոտ հպարտութիւնը ի յայտ կու գայ, կը ստեղծէ մերժողական տրամադրութիւն իր շրջապատին մէջ: Նոյնիսկ ընտանիքի անդամներուն միջեւ եթէ նման կերպարով անձ մը կայ, հոն ծայր կու տայ անհամաձայնութիւն եւ ընդդիմութիւն` մէկը միւսին հանդէպ:

Վերջին տարիներուն եւ մանաւանդ այս օրերուն ափրիկեան երկիրներու մէջ ծաւալած ժողովրդային ըմբոստութիւնը հետեւանքն է միայն իր անձը փառաբանող, ժողովուրդը առ ոչինչ նկատող, իր քաղաքացիներուն ցաւին ու կարիքներուն անտեղեակ կամ զանոնք անտեսող ղեկավարներուն: Իրարու ետեւէ խաւաքարտէ դղեակներու նման փուլ կու գան գահերը մեծամիտ ու եսակեդրոն, հպարտ ու ինքնահաւան պետական առաջնակարգ դէմքերու, նախագահներու: Անոնք ենթարկուեցան ժողովուրդի ցասումին, «խելագարուած ամբոխներ» եղան ու ցցուեցան երկաթեայ թաթեր ունեցող մեծաւորներուն դէմ` զանոնք խայտառակելով աշխարհով մէկ:

«Հպարտութեան առջեւէն անկումը կը քալէ» ոսկի խօսքը կեանքի վերիվայրումներուն նշանը ցոյց կու տայ: Յառաջագունէ այս խօսքերը կը զգուշացնեն այն անձերը, որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ անձնասիրութեամբ հրապարակ կու գան` խնկարկուելու, փառաբանուելու: Անշուշտ անոնք կ՛ունենան խնկարկուներ, փառաբանողներ, կեղծ ու խարդախ բարեկամներ, որոնք ցոյց կու տան իրենց երկերես տրամադրութիւնը, երբ ԱՆԿՈՒՄԸ ինքզինք կը պարտադրէ:

Բռնակալներու, ժողովրդավարութեան կռնակ դարձուցած աշխարհակալներու վախճանը կ՛ունենայ անփառունակ անկում լաց ու ակռաներու կճրտում: Այս պարագային որքան դիպուկ է հայոց պատմութեան արքայական գահին տիրացած թագաւորին ափսոսանքը, զուր ողբը.

«Աւա՜ղ փառացս անցաւորի» գոչեց ան, ու այս նշանաւոր խօսքը օղի նման կախուած մնաց յաջորդող հայ սերունդներու ականջներէն:

Ինչո՞ւ համար այսքան փառասէր, ինքնասէր ու հպարտ եղած են արդեօք քազզաֆիները եւ միւսները : Անոնք պատճառ եղան բազմահազար անմեղներու նահատակութեան` նոյն ատեն կորսնցնելով իրենց գանձերը եւ քարիւղի շտեմարանները: Այս պարագային յիշենք Աւետարանէն փոխանցուած անմիտ հարուստին առակը, որ ի տես իր անսպառ ցորենի շտեմարաններուն` գոչած էր. «Ո՜վ իմ անձս, կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրա՛խ լեր»: Խեղճ անմիտ պարծենկոտը տեղեակ իսկ չէր, թէ նոյն գիշերն իսկ հոգին պիտի աւանդէր:

Մարդկութեան անէծքին ու նզովքին արժանացած մեծ մակաբոյծներուն նաւթի անսպառ հորերը կը ցամքին` զարմացնելով զիրենք եւ ողջ աշխարհը:

Բռնակալները մարդկային պատմութեան էջերէն ջնջուած անուններ կը մնան: Բայց ափսոս անոնց սուրերուն զոհ գացած անմեղներուն:

Հպարտութիւնը մոլութիւն մըն է, որ «անձնասպանութեան» կը մղէ իր ճիրաններէն ճանկռտուած մարդը…:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԹՈՐԱՆ (ՅՈՒՇԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ)

Յաջորդը

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՄԵՆԱՍԻՐԵԼԻ ԲՌՆԱՏԷՐԵՐԸ. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՐԱԾ Է ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.