Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Կարեւոր Նկատեց Հայաստանի Եւ Բրիտանիոյ Միջեւ Փոխադարձ Գործակցութեան Զարգացումը Քաղաքական Եւ Տնտեսական Մարզերուն Մէջ

May 14, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճիւտիթ Մարկրիթ Ֆարնուորթը: Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, կառավարութեան կազմաւորման հոլովոյթին եւ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցերու:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց, որ վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացումը քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները շահագրգռուած են բրիտանական ներդրումներու եւ դրամագլուխի ներգրաւումով` աւելցնելով, որ կառավարութեան նոր ծրագիրին մէջ յստակօրէն պիտի ձեւակերպուին Հայաստանի զարգացման ուղիներն ու տեսլականը: Ըստ վարչապետին, իշխանութիւններուն քայլերը պիտի ուղղուին գործարարական միջավայրի շարունակական բարելաւման, ներառեալ` ներդրումներու պաշտպանուածութեան բարձրացումը: Միաժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստանի մէջ մասնաւորաբար բրիտանական ներդրումները ընդլայնելու կարեւորութիւնը: «Մենք վճռական ենք մեր կողմէ նախանշուած նպատակները, ծրագիրներն ու միջոցառումները կեանքի կոչելու առումով, իսկ կառավարութիւնը, իւրաքանչիւր քայլ իրականացնելու ընթացքին, հաշուետու պիտի ըլլայ հասարակութեան», ընդգծած է վարչապետը:

Դեսպան Ֆարնուորթ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ ընտրուելուն առիթով եւ նշած, որ բրիտանական կառավարութիւնը պատրաստ է յստակ քայլերու ձեռնարկելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ: Դեսպանը իր երկրին աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարեփոխումներու ծրագիրին, ներառեալ` կառավարման համակարգի, գործարարութեան միջավայրի բարելաւման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, դատաիրաւական համակարգի արդիականացման եւ այլ ուղղութիւններով: Դեսպան Ֆարնուորթ կարեւոր նկատած է նաեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը եւ աւելցուցած, որ կը նախատեսուի բրիտանացի գործարարներու Հայաստան այցելութիւնը, որուն ընթացքին անոնք պիտի ծանօթանան Հայաստանի ներդրումային միջավայրին եւ հայ գործընկերներու հետ պիտի քննարկեն ներդրումներու իրականացման կարելիութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման, շրջանին մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման եւ Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներուն վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Էրտողան Դարձեալ Կ՛արտայայտուի «1915-ի Դէպքեր»-Ու «Բաց» Արխիւներուն Մասին

Յաջորդը

Հասանով. «Ազրպէյճան Պատրաստ Է Լայնածաւալ Ռազմական Գործողութիւններու»

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.