
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ներկայ գտնուեցաւ Փորձառական գիտութիւններու հիմնարկի բացման արարողութեան, որուն ընթացքին ան կոչ ուղղեց հիմնելու հաղորդակցութեան այնպիսի ապահով ցանցեր, որոնք կը պահպանեն լիբանանցի երիտասարդները: Ան շեշտեց, որ պէտք է տարբեր շրջաններուն եւ համայնքներուն միջեւ հաղորդակցութեան ցանց մը ստեղծել` Լասայի հարցը ըստ օրէնքի եւ ազգային գոյակցութեան սկզբունքներուն լուծելու:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու բանակը ճիգ պիտի չխնայեն պաշտպանելու եւ բարգաւաճեցնելու համար Լիբանանը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անպայման երիտասարդութեան աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովել` աւելցնելով, որ այս նպատակով կառավարութիւնը արդէն իսկ ծրագիրներ մշակած է:
Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց նաեւ Լիբանանի մէջ քարիւղի պեղումներուն սկսիլը, ինչպէս նաեւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պետութիւնը կը ջանայ Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում գործադրել: Ան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով երիտասարդութեան` հեռու մնալու համայնքային թէ յարանուանական ամէն տեսակի լարուածութենէ, ինչպէս նաեւ խոստացաւ մշակել ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ վերացական կարգախօսներէ զերծ ըլլայ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ղազի Զաայթերն ու Մոհամետ Հաժժարը, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշը, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանցի վաստակաւոր արուեստագէտ Ապտել Հալիմ Քարաքալլա:


