Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ`
ՆԱԽԱՐԱՐ ԺԸՊՐԱՆ ՊԱՍԻԼԻ
Կազմակերպութեամբ`
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Մասնակցութեամբ`
«ՊԷՅՐՈՒԹ Ա.-Ի ՀԶՕՐ ԸՆՏՐԱՑԱՆԿ»-Ի ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ
ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԻԹԻՆԿ
(Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի)
Տեղի կ՛ունենայ ԿԻՐԱԿԻ, 29 ԱՊՐԻԼ 2018-ԻՆ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանի կից կառատան մէջ, Էշրեֆիէ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Զաւէն Վարդան
Տէր եւ տիկին Տիգրան Վարդան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Կրէյս Տեմիրճեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Էլի Լափաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արամ Լափաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Տեմիրճեան
Օրդ. Արփինէ Վարդանեան
Վարդան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Լափաճեան ընտանիքներ
Փօլատեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ եւ հարազատին`
ՍՕՍԻ ՎԱՐԴԱՆԻ
(Ծնեալ` ԼԱՓԱՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի շաբաթ, 28 ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ պաշտամունքի, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, իսկ կիրակի, 29 ապրիլին, հանգուցեալին բնակարանը, Նաքքաշ դեղարան, Մքարզելի թաղ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Աննէ-Մարի Գազանճեան
Տէր եւ տիկին Իլիա եւ Հռիփ Գազանճեան-Քիրիաքոս եւ զաւակը` Աննա-Մարի
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ԹԱԳՒՈՐ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 27 ապրիլ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 30 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նէոս Գոզմոսի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ռենէ Փիօ թիւ 2), ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Փալինիի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Փալինիի գերեզմանատան կից սրահին մէջ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մոնիք Չէրքէզեան (Մոնրէալ)
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Փինա Չէրքէզեան
Օրիորդ Լարա Չէրքէզեան (Պոսթըն)
Տէր եւ տիկին Ժան-Սիմոն եւ Սիւզի Քերիմեան եւ դուստրը` Վանա (Մոնրէալ)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Փաթիլ Գալայճեան (Մոնրէալ)
Տիար Գրիգոր Չէրքէզեան եւ զաւակը` Օլիվիէ-Սեւակ (Փարիզ)
Տէր եւ տիկին Եղիա Չէրքէզեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Մարիքեան եւ դուստրը` Թալին
Քոյր Արմինէ Մակարոսեան
Համպոյեան եւ Սընըգճեան ընտանիքներ
Գերեմեդլեան եւ Տէր Մանուէլեան ընտանիքներ
Աթիքեան եւ Մակարոսեան ընտանիքներ
Խըտըրլարեան եւ Տէր Գէորգեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱՆՏՐԷ (ԱՆԴՐԱՆԻԿ) ՉԷՐՔԷԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Մոնրէալի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 30 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Մոնրէալի Հայ կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ մէջ, 858 Blvd Côte-Vertu-Ouest, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Les Jardins Urgel Bourgie, Rue Perron, Auteuil, Quebec, Canada հայկական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն 9:00, Komidas Funeral Home. 5180 Rue De Salaberry Montreal, Quebec, H4J-1J3, Canada, յետ թաղման արարողութեան, Մոնրէալի Հայ կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ սրահը:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Էլիզա Խանճեան եւ դուստրը` Նելլի
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մարիա Խանճեան եւ դուստրը` Լոռի
Արժ. Տ. Մաշտոց քհնյ. եւ երէցկին Մարալ Քէշիշեան եւ զաւակը` Յակոբ-Բեկոր
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Խանճեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարգրիտ Խանճեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Պոյաճեան
Տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Եղիսաբէթ Գարակէօզեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Գէորգ Աւետիքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ներսէս Սեմերճեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժաքլին Քէշիշեան եւ ընտանիք
Տիկին Յասմիկ Տէքիրմէնճեան եւ ընտանիք
Սալիպա եւ Հատտատ ընտանիքներ
Յովսէփեան եւ Ականջեան ընտանիքներ
Մխիթարեան եւ Մուճուքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, քեռայրին, հօրեղբօր, մօրեղբօր, խնամիին եւ հարազատին`
ՎԱՐԴԱՆ ԽԱՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1944-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 21 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 27 ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, շաբաթ, 28 եւ կիրակի, 29 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
Ծանօթ: Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարի Պէրպէրեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Այտա Պէրպէրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Անի Նալպանտեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Նազար եւ Նորա Նալպանտեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Շաքէ Հատտեճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Զարեհ Բալուլեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Ժաքլին Փիւսկիւլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Փոլին Տաքէսեան եւ զաւակունք
Պէրպէրեան եւ Նալպանտեան ընտանիքներ
Հատտեճեան եւ Բալուլեան ընտանիքներ
Փիւսկիւլեան եւ Տաքէսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԲԻՒԶԱՆԴ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 20 ապրիլ 2018-ին, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 27 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Հանգուցեալին եօթնօրէքի արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:
—————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեանի վախճանման քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՄԱՐԻ ԲԱՐԻՔԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին, Ֆանարի Ս. մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԱՐԴԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԻՄՈՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԹԻՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:
ՀՐԱՅՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան 17-րդ մահուան տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:
—————————————-
«ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը կազմակերպած է իր տարեկան
ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
որուն հասոյթը պիտի յատկացուի կարիքաւորներու բժշկական ծախսերուն:
—————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ եւ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական Բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Դասախօսական 4-րդ շարքին իններորդը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 2 մայիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Նիւթ`
«ԼԵԱՐԴԻ ԵՒ ԼԵՂՈՒՑԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՄԻՍԻՍԵԱՆ
(Վիրաբուժ)
—————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ճամբորդական գրասենեակ մը կարիքը ունի «Ticketing»-ի օգնական պաշտօնեայի մը, նուազագոյնը 2 տարուան փորձառութեամբ:
Դիմել` հեռ. 03-313618:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏԻՆ
Աւետիս Արթինի մահուան քառասունքին առիթով`
– Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը 150.000 լ. ո.
Նուարդ Սարգիսեանի մահուան քառասունքին առիթով`
– Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը 150.000 լ. ո.
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ