Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Խնդիրը Ընդհանուր Քաղաքական Յայտարարի Գալն Է»

April 28, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 26 ապրիլին տեղեկացուցած է, որ վարչապետի ընտրութեան հարցով խորհրդարանի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ երեքշաբթի, 1 մայիսին:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի համաձայն, վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունին բոլոր խմբակցութիւնները, կրնան նաեւ քաղաքական դաշինք կազմել այլ խմբակցութեան հետ եւ առաջադրել վարչապետի մէկ թեկնածու: Խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւնները կը պնդեն, որ տակաւին թեկնածու չեն առաջադրած:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի համաձայն, որեւէ տարբերակ չեն բացառեր` ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելը, այնպէս ալ սեփական թեկնածուով հանդէս գալը: Առաջադրման պարագային, Համբարձումեանի խօսքով, կանխակալ մօտեցում պիտի չունենայ նաեւ ՀՀԿ-ի թեկնածուի հարցով: «Խնդիրը ընդհանուր քաղաքական յայտարարի գալն է», ըսած է Համբարձումեան:

Դաշնակցութիւնը շարք մը հարցեր ունի ճշդելիք Փաշինեանի հետ: Պատրաստ պիտի չըլլան անոր ձայն տալ, եթէ իրենց բարձրացուցած հարցերուն վերաբերեալ Փաշինեանը ունենայ այլ մօտեցումներ:

«Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ վարչապետի թեկնածուն խորհրդարանին կողմէ առաջադրուի համախոհութեամբ: Կը կարծեմ, որ քաղաքական խորհրդակցութիւնները պիտի ըլլան այս ուղղութեամբ: Եթէ յաջողութիւն չարձանագրուի, այդ պարագային չի բացառուիր, որ 1 մայիսին տեղի ունենալիք նիստին ժամանակ առաջադրուին քանի մը  թեկնածուներ: Իսկ արդէն այդ պարագային չի բացառուիր, որ առաջադրուած թեկնածուներէն ոեւէ մէկը, նկատի ունենալով նաեւ ուժերու յարաբերակցութիւնը եւ ստեղծուած իրավիճակը, բաւարար թիւով ձայներ չհաւաքէ: Եւ այդ պարագային կ՛երթանք երկրորդ փուլի  վարչապետի ընտրութեան, որ նոյնպէս դժուար է կանխատեսել, թէ ի՞նչ զարգացում կրնայ ունենալ: Այսինքն` այդքան ալ միանշանակ չէ, որ մայիս 1-ին կամ 2-ին, եթէ քաղաքական համաձայնութիւն չձեւաւորուի, մենք հանգուցալուծում կրնանք ունենալ»:

Համբարձումեան ծանօթ է շրջանառուող տեսակէտներուն, թէ իրենք նաեւ նախարարական աթոռներ կը փորձեն կարգաւորել, եւ վստահեցուց, թէ իրենց համար «ամենեւին կարեւոր չէ իշխանութեան մէջ ըլլալ-չըլլալու հարցը». «Մեզի համար կարեւոր է, որ մեր տեսակէտներուն, մեր մօտեցումներուն հետ օրուան իշխանութիւնները հաշուի նստին»:

Ներկայացնելով համաձայնական դաշինքէն Դաշնակցութեան դուրս գալու դրդապատճառները` Համբարձումեան ըսաւ. «Հայաստանի մէջ  իրականութեան մէջ ստեղծուած է արտակարգ իրավիճակ, եւ այս իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր փնտռելու հարցով պատասխանատու են բոլոր դերակատար քաղաքական ուժերը: Եւ մեր պատկերացումով, դաշինքէն դուրս գալու քայլը կրնայ նպաստել մեր գործողութիւններու  ազատութեան տեսանկիւնէն, եւ կը կարծեմ, այն առաքելութիւնը, որ մեք  ստանձնած ենք` բանակցային հարթակ ձեւաւորելու, կրնանք այս կարգավիճակով աւելի արդիւնաւէտ իրականացնել, որպէսզի կարենանք ճիշդ ելքեր գտնել իրավիճակը հանգուցալուծելու համար»:

Օգտակար Հանդիպում Էր. Արսէն Համբարձումեանը`
Փաշինեանի Հետ Հանդիպումին Մասին

«Օգտակար հանդիպում էր», «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը` անդրադառնալով «Իմ քայլը» շարժումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին:

Ան նշեց, որ քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական վիճակը եւ լուծման ուղիները: «Օգտակար հանդիպում էր, հանդիպումները շարունակական պիտի ըլլան», ըսաւ Համբարձումեան:

Յայտնենք, որ Փաշինեանն ալ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած էր. «Երէկ երեկոյեան հանդիպում ունեցայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի եւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի հետ: Քննարկեցինք Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական վիճակը եւ լուծման հաւանական ուղիները»:

 

Նախորդը

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Որոշ Երեւոյթները

Յաջորդը

Մինչ Վարչապետի Պաշտօնակատարը Չէ Ընդունած Բանակցութիւններու Հրաւէրը, Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիէն Յայտարարած Է, Թէ Ժողովուրդի Թեկնածուն Վարչապետ Ընտրելէ Բացի Տագնապի Լուծման Այլ Ուղի Չկայ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.