Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարութիւն մը հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին վերաբերեալ` կատարուածը դարձեալ կոչելով Մեծ եղեռն:
Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.«Այսօր մենք կը յիշատակենք Մեծ եղեռնը` 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկը, երբ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ դատապարտուեցան մահուան երթի` Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Մենք կը յիշատակենք 1915 թուականի իրադարձութիւնները եւ կը սգանք զոհերուն եւ տառապեալներու համար:
«Մենք նաեւ պահը կ՛օգտագործենք` ճանչնալու քաջութիւնը այն անհատներուն, որոնք ձգտեցան վերջ տալ բռնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան վերապրածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ համայնքները վերակառուցելու համար, անոնց շարքին է նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուը, որ կը ձգտէր վերջ տալ բռնութեան, իսկ հետագային Մերձաւոր Արեւելեան նպաստամատոյցի միջոցով հաւաքեց գումարներ` օգնելու հայ ժողովուրդին: Խոր յարգանքով կ՛արձանագրենք դիմացկունութիւնը հայ ժողովուրդին որուն բազմաթիւ ներկայացուցիչները նոր կեանք կառուցեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անհաշուելի ներդրումներ ունեցան մեր երկրին մէջ:
«Որովհետեւ մենք կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնք տառապած են, մենք նաեւ կը վերադառնանք մեր յանձնառութեան` երաշխաւորելու, որ այդպիսի կոտորածները չկրկնուին: Մենք կ՛ընդգծենք ցաւոտ տարրերով անցեալի ճանաչման եւ ատոր հետ հաշուի նստելու կարեւորութիւնը` իբրեւ անհրաժեշտ քայլ աւելի հանդուրժողական ապագայ կառուցելու ճամբուն վրայ:
«Այս հանդիսաւոր օրը մենք կանգնած ենք ամբողջ աշխարհի հայ ժողովուրդին կողքին` ի նշան յարգանքի յիշատակին անոնց, որոնք զոհուած են` պարտաւորուելով աշխատիլ միասին եւ կառուցել աւելի լաւ ապագայ»:



