Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ սիքսի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` շաբաթ, 31 մարտին տեղի կ՛ունենան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ պիտի մրցի Մուաուատի դէմ, իր կարելին պիտի ընէ ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ֆայնըլ-ֆորի մրցումներու տոմս մը ապահովել:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը: