Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, որ Պէյրութի դրամատունը հանդիսացաւ Լիբանանի ֆութպսալի բաժակակիր` աւարտական մրցումին 8-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շուէյֆաթի:
Բնականաբար սահմանուեցան նաեւ տուգանքներ, ինչպէս նաեւ եղան կախակայումներ:
Ահտ ենթարկուեցաւ 2 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի, մինչ Նըժմէ` մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի:
Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար մէկական մրցումով կախակայուեցան բազմաթիւ մարզիկներ (ֆութպոլ եւ ֆութսալ):
Ֆութսալի պարագային, մէկական մրցումով կախակայուեցան նաեւ Հայկ Խաչերեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) եւ Խաչիկ Քերպապեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ):
Պէյրութի դրամատան ֆութսալ մաս կազմող Ալի Թանիշ կախակայուեցաւ երեք մրցումով:
Ինչ կը վերաբերի վաւերացուած արդիւնքներուն, աղջկանց 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով (10-րդ հանգրուան) ֆետերասիոնը վաւերացուց Սալամ Զղարթայի յաղթանակը: Վերջինս 25-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Հայը: