Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (28 Մարտ 2018)

March 28, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Տիար Պօղոս Բարիքեան եւ զաւակունք
Գերշ. Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր եւ մեծ մօր`

ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՄԱՐԻ ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Զահլէ, 1936-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ չորեքշաբթի, 28 մարտ 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Ֆանար, «Սըխըն» շէնք:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ֆանարի մատրան:

—————————————

ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ոտնլուայի արարողութիւնը, զոր պիտի կատարէ եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեան, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի Չարչարանաց կարգ եւ Խաւարման գիշերը` վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 29 ՄԱՐՏ 2018-ԻՆ

Ճաշու Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Ոտնլուայ` յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին

Կարգը պիտի կատարէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Խաւարման գիշեր` երեկոյեան ժամը 7:00-ին

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2018-ԻՆ

Կարգ թաղման` յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին

Կարգը պիտի կատարէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՏԱԿ ՎՐԴ. ԱՐԱՊԵԱՆ

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 31 ՄԱՐՏ 2018-ԻՆ

Երեկոյեան ժամերգութիւն`    ժամը 3:30-ին
Ճրագալոյցի Ս. պատարագ`   ժամը 5:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:

Արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն արարողութեան եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.

– Ս. պատարագ`       Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
– Կարգ Ոտնլուայի` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին

Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`

ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ

– Խաւարման գիշեր`            երեկոյեան ժամը 7:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:

Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու արարողութեան եւ օրուան պատգամին:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.

– Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
– Կարգ Ոտնլուայի` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին

Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`

ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

– Խաւարման գիշեր` երեկոյեան ժամը 7:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ ԺՈՒՆԻԷԻ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցւոյս թաղականութիւնը կու գայ յայտարարելու, թէ հինգշաբթի, 29 մարտին տեղի պիտի ունենան Աւագ հինգշաբթիի արարողութիւնները` հետեւեալ ժամերուն.

Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
Կարգ Ս. Հաղորդութեան պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Կարգ Ոտնլուայի` յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին

Ոտնլուայի արարողութեան պիտի նախագահէ եւ կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆ

Կարգ խաւարման` երեկոյեան ժամը 7:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ սրբազան արարողութեանց, հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ

—————————————

ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ` ՖԱՆԱՐԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին:

Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

ԿԱՐԳ` ԹԱՂՄԱՆ` ՖԱՆԱՐԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին,

Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՇՈՏ ԱԲՂՅ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ՖԱՆԱՐԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Պիտի պատարագէ  եւ քարոզէ
ՀՈԳՇ. Տ. ՕՇԻՆ ԱԲՂՅ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ

ՖԱՆԱՐԻ Ս. ՄԱՏՐԱՆ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Զալքա

Հանդիսապետութեամբ`

ԱՄԵՆ. ԵՒ ԳԵՐԵՐՋ. ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարքի
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին      Ոտնլուայ եւ Ս. պատարագ
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին         Խաւարման գիշեր

Հինգշաբթի, 29 մարտ 2018, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Զալքա:

Սիրով հրաւիրուած են մեր հաւատացեալները` մասնակցելու սոյն արարողութիւններուն:

————————————–

ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ ԵՒ ԹԱՓՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւնը:

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարէ, քարոզէ եւ թափօրը նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`

ՀՈԳՇ. Տ. ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զակաները` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Էշրեֆիէ

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2018

Յիշատակ Տասը Կուսանաց

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին

– Երեկոյեան ժամը 7:30-ին` Տասը Կոյսերուն նուիրուած ժամերգութիւն: Ժամերգութեան աւարտին երիտասարդական հաւաք եւ զրոյց «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ: Զրոյց-դասախօսութիւն` «ԿԵԱՆՔԻ ԱՄԷՆԷՆ ԲԵՂՈՒՆ ՏԱՐԻՔԸ»: Զեկուցաբեր` ՎԱՐԴԻ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ, տնօրէն «Զուարթնոց» կեդրոնի: Զրոյցի աւարտին` հիւրասիրութիւն:

Սիրով հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները յատկապէս երիտասարդ -երիտասարդուհիները:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Զատկական տօնին առիթով հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ին:

Կը պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ`ժամը 10:00-ին
Քարոզ`ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սրբազան արարողութեանց եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

Զատկական Շնորհաւորանք

Ս. պատարագի աւարտին, առաջնորդ հայրն ու Ազգային վարչութիւնը զատկական շնորհաւորանքներ պիտի ընդունին քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Ապա, կէսօրէ ետք շնորհաւորանքները պիտի ընդունին Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ`ժամը 10:00-ին
Քարոզ`ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին` հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Բուժարանիս խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը, տօնական այս օրերուն, բուժարանին մէջ ապաստան գտած մամիկներն ու պապիկները ուրախացնելու համար զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:

Տրուած ըլլալով, որ կարգ մը ապաստանեալներու պարագաները երթեւեկի դժուարութեանց պատճառով չեն կրնար այցելել իրենց հարազատներուն, խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշեցին յատուկ կարգադրութիւն մը ընել, հետեւեալ ձեւով.

Երկուշաբթի, 2 ապրիլ 2018, ապաստանեալներու պարագաներու տրամադրութեան տակ պիտի դրուին բուժարանին մինի պասերը: Փափաքող ենթակաները ճամբայ պիտի ելլեն առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ապա Պէյրութ պիտի վերադառնան կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին:

Երթուդարձը` անվճար:

Մեկնում` Պուրճ Համուտ, Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւէն, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

ԾԱՆՕԹ.- Անհրաժեշտ է տեղեակ պահել մինչեւ շաբաթ, 31 մարտ 2018: Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
Պէյրութի գրասենեակ 01-248851 / Whatsapp 81-287735
Բուժարան-Ազունիէ 05-220405

—————————————

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԳԱՀԻՐԷԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԸ

Հեղինակ` ՊԵՐՃ ԹԵՐԶԵԱՆ

Տպարան` AFRICAN PRESS S. A. E.

Գահիրէ-2017

—————————————

 ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:

 

—————————————-

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ

. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

19 ՄԱՅԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

15 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

Նախորդը

Ասիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբերու Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Սքանչելի Յաղթանակը

Յաջորդը

Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985). Հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման դրօշակիրը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2026)

February 2, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2026)

January 31, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (30 Յունուար 2026)

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.