
Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող  բռնցքամարտի Եւրոպայի 18-22 տարեկաններու ախոյեանութեան առաջին օրը Հայաստանի 2 ներկայացուցիչները յաղթանակ տօնեցին:
69 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ  Գուրգէն Մատոյեան յաղթեց Չեխիոյ ներկայացուցիչին, իսկ գերծանր դասակարգին մէջ` Գուրգէն Յովհաննիսեան տապալեց պիելոռուս  իր մրցակիցը: