Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Զինուած Պայքարով Ու Արեամբ Կարելի Չէ Փոփոխութիւն Ընել Երկրին Մէջ»

Մարտ 27, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներու ժամուն ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է ՀՅԴ Գերագոյն ժողովին մասին, որ կը գումարուի երկու տարին անգամ մը` նշելով, թէ քննարկուած են օրակարգին վրայ առկայ բոլոր հարցերը, ընտրուած է նոր Գերագոյն մարմինը, որ կազմուած է 9 անդամէ, իսկ իր անդրանիկ նիստին Գերագոյն մարմինը ընտրած է իր ներկայացուցիչը` Արսէն Համբարձումեան:

Վարդանեան նշած է, որ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստով, կարծես, աւարտին կարելի եղաւ հասցնել օրէնսդրական այն բոլոր կարգաւորումները, որոնցմով պիտի կատարուի անցումը կիսանախագահականէն խորհրդարանական համակարգի:

Պատգամաւորը խօսած է նաեւ ՀՅԴ-ին առաջարկի մասին, որ Տնտեսական մրցակցութեան յանձնաժողովի վեց անդամներէն մէկը առաջադրուի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ: «Մենք` թէ՛ ընդդիմութիւն, թէ՛ իշխանութիւն եղած ատեննիս միշտ պահանջած ենք, որ ընդդիմութիւնը ներկայացուածութիւն ունենայ տարբեր տեղեր: Երկար քննարկումներ ունեցանք: Ի վերջոյ, կառավարութիւնը մեր առաջարկը չընդունեց: Զարմանալիօրէն միայն մենք ձեռնպահ քուէարկեցինք այս առաջարկին, իսկ երկու ընդդիմադիրները թեր քուէարկեցին», նշած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է Դաշնակցութեան կեցուածքը այն ուժերուն նկատմամբ, որոնք փողոցային պայքարի սկսած են կամ կը ծրագրեն սկսիլ, Վարդանեան ըսած է, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ի՛նք կ’որոշէ իր պայքարի ձեւերը: Սակայն ան չի հաւատար անձնաւորուած պայքարին, այլ` համակարգային փոփոխութիւններուն: «Ես ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ նման պայքարի արդիւնաւէտութեան հիմք չեմ տեսներ, այլ նաեւ դրդապատճառը չեմ տեսներ: Ամէն մէկը իւրովի կը պատկերացնէ իր պայքարը: Կ’ապրինք, կը տեսնենք», յայտնած է Ա. Վարդանեան:

Անդրադառնալով «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ` 9-17 ապրիլին իշխանութիւնը փողոցը «նետուած» պիտի ըլլայ, պարզապէս պէտք է երթալ եւ վերցնել զայն` Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ թող փորձեն երթալ ու վերցնել:

Ան աւելցուցած է, որ այս բարեփոխումներու, անցման փուլին ծայրայեղութեան, հակասահմանադրական պայքարի ամէն մէկ փորձ դատապարտելի է իրենց կողմէ: «Երկրին մէջ չի կրնար փոփոխութիւն կատարուիլ զինուած պայքարով ու արեամբ: Այն բոլոր ուժերը, որոնք ասոր կողմնակից են, լուսանցքին վրայ պիտի մնան: Այդ ուժերը, բացի սահմանափակ թիւով ու վիրթուալ աշխարհի համախոհներէն, լայն տարածում չունին: 2016-ի ապրիլեան քառօրեայէն ետք, երբ զարմանալիօրէն բոլորին համար մեծ համախմբում ձեւաւորուեցաւ ազգային պետական կարեւորագոյն հարցին շուրջ` Հայաստանի, սփիւռքի մէջ եւ ամէնուր, ատիկա կրնար նոր փուլ, նոր զարգացումներ բերել, սակայն յանկարծ այդ ալիքին վրայ երեք ամիս ետք կ’ունենանք ծայրայեղականութեան բացառիկ դրսեւորում: Ծայրայեղականութիւնը դատապարտելի է որեւէ պարագայի», ընդգծած է պատգամաւորը:

 

Նախորդը

Արցախի Պետական Նախարարը Գերմանիոյ Նախկին Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Արցախ – Գերմանիա Համագործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?