Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը Իրաքի հետ իր սահմանին վրայ շղթայազերծած է զինուորական գործողութիւններ` սահմանը «ահաբեկչական թաքստոցներէն» ձերբազատելու համար: Գործողութեան ձեռնարկուած է գործակցութեամբ իրաքեան կառավարութեան:
Իրաքի արդարադատութեան նախարարը իր կարգին նշեց, որ իրաքեան կառավարութիւնը բարի կամեցողութիւն ցուցաբերած է` ապահովելով հասարակաց սահմանին վրայ թրքական բոլոր պահանջները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ նշած էր, թէ իր երկիրը հիւսիսային Իրաքի Սինճար գաւառին մէջ կրնայ շղթայազերծել զինուորական գործողութիւն մը` այդ շրջանը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներէն ձերբազատելու համար:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնած էր, թէ Թուրքիան անհրաժեշտութեան պարագային հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան պիտի ձեռնարկէ: