Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ- ԱՍԻՈՅ ԳՕՏԻ. ԱՅՍՕՐ` ԼԻԲԱՆԱՆ – ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱ

November 15, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարզիկներուն վերջին ցուցմունքները

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, այսօր` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Մարզական աւանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հարաւային Քորէան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 14:30-ին:

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք Բ. խմբակի այս մրցումը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ «մայրիներու» խումբը պարտութեան մը պարագային վերջնականապէս իր յոյսերը պիտի կորսնցնէ` Պրազիլի տոմս մը ապահովելու գծով:

Հիւր կազմը այժմ 10 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, իսկ Լիբանան 7 կէտով` երկրորդ դիրքը: Վերոնշեալ մրցումէն բացի, երկու խումբերն ալ մէկական մրցում ունին կատարելիք:

Երէկ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար յատուկ հանդիպում մը ունենալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, առաջարկեց, որ բոլոր վարժարանները իրենց դասաւանդութիւնները կատարեն մինչեւ կէսօր, որպէսզի բոլոր փափաքողները ուղղուին դաշտ` քաջալերելու համար Լիբանանի կազմը:

Նշենք, որ երէկ կրթութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ վարժարանները մինչեւ կէսօր միայն դասաւանդութիւն կատարեն:

Յամենայն դէպս, լիբանանցիներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ (որուն դռները պիտի բացուին ժամը 11:00-ին) եւ քաջալերել իրենց կազմը` այս կարեւոր մրցումին:

Երէկ տեղի ունեցած փորձերուն, Լիբանանի մարզիչ Թէօ Պոքըր անհրաժեշտ բոլոր ցուցմունքները տուաւ իր մարզիկներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւ արդիւնքի հասնիլ:

Նշենք, որ սովորական բոլոր թրիպիւններուն մուտքը ձրի է: Մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:

 

 

Նախորդը

ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ ՉԱՐԴԱՐԱՑՈՒՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՎՐԱՅ ԴՐՈՒԱԾ ՅՈՅՍԵՐԸ

Յաջորդը

ԵՒՐՕ-2013. ԱՅՍՕՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԿԱԼԵՍ ՄՐՑՈՒՄԸ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.