Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնած է, որ Մընպեժի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայիս ոչ մէկ համաձայնութիւն կայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
«Սուրիական Մընպեժի վերաբերեալ նոյնիսկ մէկ համաձայնագիր չկայ: Թուրքիոյ հետ մեր բանակցութիւնները կը շարունակուին», նշած է Նոուըրթ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու չորեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Անգարա Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Աֆրինէն եւ Մընպեժէն քիւրտ զինեալներու հեռացման շուրջ:
«Տիքեն» մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ թրքական բանակը առաջին անգամ ըլլալով հարուածած է հիւսիսային Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու` Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող դիրքերը, ուր կը գտնուին նաեւ ամերիկացի զինուորներ:



