Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ ճակատեցաւ Նատուա Քամաթիէի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով (3-0), ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ դուրս մնայ մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛ընթանայ նաք-աութի դրութեամբ:
Նշենք, որ խումբին մաս կազմող մարզիկներն են Սեւան Չեքմէեան, Լորի Եահնիեան եւ Նանար Պայրամեան, որոնք իրենց մարզիչ ունին Լարա Քեչեպաշեանը:



