Շուրջ երեք ամիսէ ի վեր, իւրաքանչիւր շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին կազմակերպած ֆութսալի եւ պասքեթպոլի մրցաշարքը: Մրցումները տեղի կ՛ունենան Լուէյզիի (ֆութսալ) եւ Շանվիլի (պասքեթպոլ) դաշտերուն վրայ` գործակցութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, որ միշտ ալ լաւապէս կը կազմակերպէ տեղական բազմաթիւ մրցաշարքեր, որոնք կը պսակուին յաջողութեամբ:
Պասքեթպոլի աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին Շանվիլ եւ Սաժես Հայ Սքուլ, որոնք կիսաւարտականին յաջորդաբար յաղթեցին Լուէյզիի (73-63) եւ Քալպէյն – Աքտասէյն Զահլէի (67-44):
Ինչ կը վերաբերի ֆութսալին, աւարտականին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Շանվիլ եւ Լուէյզի, որոնք կիսաւարտականի իրենց յաղթանակները արձանագրեցին յաջորդաբար ֆրանսական-բողոքականներուն (7-5) եւ Սանթրալին (3-2) դէմ:
Ֆութսալի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 10 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, իսկ պասքեթպոլի մրցումը կիրակի, 11 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Աւարտական այս մրցումներէն ետք տեղի պիտի ունենան տարբեր տեսակի մրցանակաբաշխութիւններ:



