Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները կը սկսին այսօր` հինգշաբթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս բացման մրցումով:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ֆայնըլ-ֆոր-ի երկրորդ ճակատումը, իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութը եւ Անդրանիկ Պէյրութը: Անոնց միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ ժամը 20:30-ին, Մանարայի մէջ:
Նշենք, որ հինգ մրցումէն երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականին իր տոմսը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի այսօր ուղղուիլ «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել իրենց կազմը: