Նախանցեալ օր Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի կրտսերներու խմբային ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ բազմաթիւ խումբերու:
Տղոց եւ աղջկանց այս մրցումները պիտի տեւեն մինչեւ 10 մարտ:
Մասնակցող խումբերուն կարգին են նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ (տղաք), ՀՄԸՄ Ժունիէ (աղջիկներ), ՀՄԸՄ Անթիլիաս (տղաք) եւ ՀՄԸՄ Ժունիէ (տղաք):
Առաջին օրուան մրցումներուն, Անթիլիասի կազմը յաջորդաբար յաղթեց Մաանի Սայտային (3-0) եւ Քսէյրին (3-0):
Պէյրութի կազմը յաղթեց Շեպիպէ Շիահի (3-0), եւ պարտուեցաւ Մոն լա Սալէն (3-2):
Իսկ Ժունիէ 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ահլի Սայտայէն:
Այսօր, տղոց մրցումներուն աւարտին, կը սկսին նաեւ աղջկանց մրցումները:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի չորս կազմերուն մաս կազմող մարզիկները.
ՏՂԱՔ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Միսաք Պարսումեան, Նարեկ Փանոսեան, Հրակ-Դրօ Կիւրիւնեան եւ Արտակ Ասատուրեան:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս.- Արման Նաճարեան, Շահան Նաճարեան, Յարութ Ղազարեան, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, Արմէն Եղիայեան:
ՀՄԸՄ Ժունիէ-Մարք Փաթանեան, Պաղտիկ Պաղտասարեան եւ Սերժ Թաշճեան:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.
ՀՄԸՄ Ժունիէ – Լորի Եահնիեան, Նանար Պայրամեան, Սեւան Չեքմէեան:


