Իտալական երկու ակումբներ` Ֆիորենթինա եւ Քալիարի, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ յայտարարեցին, որ ասկէ ետք իրենց ակումբներուն մաս կազմող ոչ մէկ մարզիկ պիտի կրէ թիւ 13 մարզաշապիկը:
Այսպիսով անոնք յաւերժացուցին նախորդ շաբաթ անակնկալօրէն մահացած Տաւիտ Ասթորիի յիշատակը` նկատի ունենալով, որ ան երկու ակումբներուն մէջ ալ կրեց այդ թիւը:
2008-էն 2014 Ասթորի մաս կազմած է Քալիարիի, իսկ 2015-էն մինչեւ իր մահանալը` Ֆիորենթինայի:
Այլ գետնի վրայ, անոր մահուան պատճառը բացայայտելու համար պիտի պահանջուի շուրջ 2 ամիս:
Անոր ընտանիքը դիմած է յատուկ փորձագէտի, որ արդէն սկսած է քննութիւններու:



