Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչի Գրասենեակի Ընդլայնումը Պիտի Նպաստէ Շփման Գիծին Մէջ Լարուածութեան Նուազեցման» Կ՛ըսէ Շոֆըր

March 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական ճամբով լուծում չունի: Այս մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթին եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պիտի շարունակեն աշխուժօրէն համագործակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ:

«Մենք համոզուած ենք, որ ներկայ սթաթիւս քոն չի կրնար պահպանուիլ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ եւ որ տագնապի լուծման զինուորական ճամբայ գոյութիւն չունի», նշած է ան:

Շոֆըրի համաձայն, Ժընեւի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու վճռականութիւնը` աշխուժացնելու հոլովոյթը եւ լրացուցիչ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ, կ՛արտացոլացնէ այդ իրողութիւնը:

Ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ համանախագահող երկիր, յանձնառու են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բանակցային հոլովոյթին, Շոֆըր նշած է, որ համանախագահները պատրաստ են աշխատելու կողմերուն հետ որեւէ ձեւաչափով, որ կը նպաստէ երկարաժամկէտ լուծման:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնումին` Շոֆըր նշած է, որ այդ քայլը շփման գիծի երկայնքին լարուածութեան նուազեցման համար միջոցներու ձեռնարկելու կողմերու յանձնառութեան վկայութիւնը պիտի դառնայ:

Ամերիկացի համանախագահին համաձայն, բանակցային հոլովոյթին մէջ դրական յառաջընթացի արձանագրութեան համար անհրաժեշտ են թէ՛ կողմերու, թէ՛ ալ համանախագահներու եւ միջազգային ընտանիքի երկարատեւ անկեղծ ջանքերը, ինչ որ տագնապի կողմերէն պիտի պահանջէ դժուար որոշումներու կայացում:

Ինչ կը վերաբերի շրջան հերթական այցելութեան թուականին, ան նշած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները այժմ չունին այդ առնչութեամբ որոշակի ժամանակացոյց, սակայն կը շարունակեն կողմերուն հետ իրենց խորհրդակցութիւնները` հաշուի առնելով շրջանին մէջ ընտրութիւններու ընթացիկ շրջանը:

Նախորդը

Զախարովան` Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու Չեղեալ Նկատուելու Որոշումին Մասին

Յաջորդը

Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ Բարեկամական Խումբը Հանդիպում Ունեցած Է Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Յանձնախումբին Հետ

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.