Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, երէկ Պիելի մէջ նշուեցաւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրը` ներկայութեամբ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նուհատ Մաշնուքի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պասեմ Շապի, երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Ղասսան Մուխայպերի, նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի, բանակի հրամանատարին, պաշտպանութեան նախարարին եւ ապահովական մնացեալ բոլոր կառոյցներու ընդհանուր տնօրէններու ներկայացուցիչներուն, մեծ թիւով քաղաքապետներու եւ թաղապետներու, ինչպէս նաեւ զինուորականներու:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ ինք վերջնականապէս ստորագրած է Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամ կամաւորները իրենց աշխատանքին վրայ հաստատելու հրամանագիրը եւ զայն յղած է կառավարութեան, որ իր առաջին նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնէ զայն:
Մաշնուք ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ նաեւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամներուն շնորհել բնակարանային վարկեր ստանալու դրութիւնը, ինչպէս որ է պարագան մնացեալ զինուորականներուն:
Մաշնուք նշեց, որ ներկայիս Լիբանանի վկայած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապալի իրավիճակին դիմաց կայ ապահովական կայունութեան հաստատ եւ շարունակուող ընթացք մը` երկրին ապահովական կայունութիւնը, որ ձեր շնորհիւ կերտուած է:
«Ապահով Լիբանանը նախագահ Աունի իշխանութեան կարգախօսն է», ըսաւ Մաշնուք:
Ան բարձր գնահատեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ջանքերը` հաստատելով, որ լիբանանցի քաղաքացիները անվտանգութիւնը կը պարտին զիրենք պաշտպանող ուժերուն:
Ան ընդգծեց, որ ինք միշտ պիտի զօրակցի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքները` խոստանալով այդ կառոյցին կարողութիւնները միջազգային չափանիշներու համազօր դարձնել:



