Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Խեղաթիւրումներուն Պէտք Է Վերջ Տրուի»

March 1, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ «Սումկայիթեան ոճրագործութեան 30-րդ տարելիցին առիթով Ազգային Ժողովի  յայտարարութեան» նախագիծը:

Այս առիթով ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ նշեց, թէ, բնականաբար, այդ յայտարարութիւնը պէտք է ընդունուէր:

«Մեր պաշտօնական օրացոյցին մէջ այս օրը Ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութեան մէջ հայերու դէմ կատարուած բռնութիւններու զոհերու եւ տեղահանուած անձերու յիշատակի օրն է: Մենք ամէն տարի այս օրը կը յիշատակենք` նշելով այն բոլոր վայրագութիւններն ու ցեղասպանական գործողութիւնները, որոնք Ազրպէյճանի մէջ իրականացած են: Սումկայիթեան իրադարձութիւններու իրաւական գնահատականը իսկապէս տրուած չէ, եւ ասիկա Ազրպէյճանին թոյլ կու տայ անընդհատ ամէն ինչ ներկայացնել ծուռ հայելիներու մէջ` խեղաթիւրելով իրականութիւնը, որովհետեւ անոնք շատ լաւ գիտեն, որ սումկայիթեան իրադարձութիւնը թերեւս այդ ժամանակահատուածին մէջ իրենց կատարած ոճրագործութիւններու  ամէնէն փաստագրուած հատուածն է, եւ նոյնիսկ այդ ժամանակուան  դատարանները հաստատած են այն փաստը, որ կատարուած են ցեղասպանական գործողութիւններ հայերուն դէմ: Ասիկա մենք պէտք է անպայման օգտագործենք` վեր հանելու համար այն կեղծիքը, որ Ազրպէյճանի մէջ կը տիրէ», ըսաւ Ռուստամեան:

Ըստ անոր, այսօր շնականութիւնը Ազրպէյճանի մէջ հասած է այն աստիճանի, որ Խոջալուն դարձուցած են իրենց դրօշակը` իբրեւ թէ  այդտեղ կատարուած է ցեղասպանութիւն: «Աւելին` շատ լաւ գիտնալով, որ Սումկայիթը իրենց աքիլեսեան գարշապարն է, վերջերս կը փորձեն ներկայացնել, որ մենք` հայերս մեր դէմ կատարած ենք ատիկա: Ստահակ հայ մը գտած են` Էդուարդ Գրիգորեան ազգանունով, որ իբրեւ թէ այդ ստահակներու վոհմակին մէջ եղած է: Իրականացնելով Սումկայիթը` կը փորձեն ներկայացնել, թէ իբրեւ ազրպէյճանական քաղաքին մէջ հայերը իրենց դէմ կազմակերպած են ցեղասպանութիւն: Այս այլանդակութիւններուն պէտք է վերջ տրուի, այս ձեւով խեղաթիւրումներուն պէտք է վերջ տրուի», եզրափակեց Ռուստամեան:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Գրգռիչ Յայտարարութիւններէ Հեռու Մնալու Կոչ Կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովը Սումկայիթի Կոտորածի 30-րդ Տարելիցին Առիթով Յայտարարութիւն Ընդունեց

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.