Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գագիկ Յարութիւնեան Ընտրուեցաւ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահ

Մարտ 1, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ ընտրեց համաձայնական դաշինքի ուժերու` ՀՅԴ-ի եւ ՀՀԿ-ի կողմէ  առաջադրուած` Բարձրագոյն դատական խորհուրդի կազմի 5 անդամները: Թեկնածուներն էին` առաջին պաշտօնին` Գագիկ Յարութիւնեան, երկրորդ պաշտօնին` Գէորգ Դանիէլեան, երրորդին`  Լիպարիտ Մելիքջանեան, չորրորդ` Հայկ Յովհաննիսեան, իսկ հինգերորդ պաշտօնին` Սերկէյ Մեղրեան:

Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ` հանրապետական Գագիկ Մելիքեանը  յայտարարեց, թէ անդամները քանի ձայն հաւաքած են: Նշենք, որ բոլոր 5 թեկնածուներն ալ ընտրուեցան: Եւ այսպէս` առաջին պաշտօնին համար առաջադրուած` Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը ընտրուեցաւ ձայներու 96 կողմ, 2 դէմ յարաբերակցութեամբ: Ան ընտրուեցաւ հնգամեայ ժամկէտով:

Վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ Ելք խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը, որ նշեց, թէ Ելք դաշինքի բոլոր 7 անդամները դէմ  քուէարկած են Գագիկ Յարութիւնեանի ու Գէորգ Դանիէլեանի թեկնածութեան, եւ ՀՀԿ-ն մանր խարդախութիւն ըրած է, որպէսզի ստուեր ձգէ Ելքի վրայ:

Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան պատասխանեց, որ նման բան կարելի չէ, եւ որ յանձնախումբի բոլոր անդամները ստորագրած են արդիւնքներուն համար: Նշենք, որ Ելքէն հաշուիչ յանձնախումբի անդամ է Լենա Նազարեան, որ պնդեց, թէ ստորագրած է, քանի որ քուէաթերթիկները այդպէս եղած են, բայց չի բացառեր, որ դէմ քուէաթերթիկները փոխած ըլլան:

Նախորդը

Հարիրի Այցելեց Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Թագաւորին

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Գրգռիչ Յայտարարութիւններէ Հեռու Մնալու Կոչ Կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?