Վրաստան դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրումին: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Մառնէուլի մէջ «Անկախութենէն մինչեւ ազատութիւն` հանրապետութեան 100 տարիները» արշաւի ծիրին մէջ ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի:
Հանդիպումի ընթացքին երիտասարդ մասնակիցներէն մէկը Վրաստանի նախագահէն խնդրած է մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել «Խոջալուի զոհերու» յիշատակը, ինչ որ, սակայն, Վրաստանի նախագահը չէ կատարած:
Մարկվելաշվիլի յայտարարած է, որ կը հետեւի տագնապին շուրջ արձանագրուած զարգացումներուն` նշելով, որ Վրաստան կը զօրակցի տագնապի խաղաղ լուծման:



