Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԺԽՏՈՂ ՔՈՆՏՈԼԻԶԱ ՌԱՅՍԸ ԱՐԺԱՆԻ ՉԷ «ՍԹԵՆՖԸՐՏ»Ի ՄԷՋ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼՈՒ

November 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս վերջերս հրապարակած` «Ուաշինկթընի մէջ անցուցած տարիներուս յուշագիրը. չկայ աւելի մեծ պատիւ» խորագիրով իր 750 էջնոց գիրքին մէջ հպարտութեամբ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերու տապալման ուղղութեամբ իր մղած պայքարին մասին, երկու տարբեր առիթներով: Ան մեծ գոհունակութեամբ կը նշէ, թէ յաջողած է խոչընդոտել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ 1991 եւ 2007 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Այս յուշերուն մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը բացայայտէ անոր տհաս դատողութիւնը եւ բարոյական սկզբունքներու բացակայութիւնը: Ան կը պատմէ, թէ «այս խնդիրին» առնչութեամբ իր առաջին փորձը կատարուած է 1991 թուականին, երբ կ՛աշխատէր Սպիտակ տան մէջ` իբրեւ նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի յատուկ օգնական: Իր յանձնարարութիւնն էր` «Ջանք չխնայել Ներկայացուցիչներու տան մէջ այս բանաձեւը տապալելու համար»: Պարծենալով իր իրագործումով` ան ինքզինք կը նկարագրէ իբրեւ անձ մը, որ պայքարած է «ամերիկահայ հզօր լոպիին» դէմ, որ` «տարիներ շարունակ ճնշում գործադրած է Քոնկրեսին վրայ` բանաձեւը ընդունելու հարցով, որպէսզի 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակէ»: Իրականութեան մէջ Ռայս պէտք չունէր հակադրուելու բանի մը, որ արդէն իսկ ընդունուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 1975 եւ 1984 թուականներուն, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի կողմէ` 1981-ին:

Ռայս կը շարունակէ` ըսելով, որ` «պատահածին մասին գոյութիւն ունին պատմական բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ», ինչ որ երբեք չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ չկայ որեւէ պատմական վէճ, որ համընդհանուր ընդունուած իրողութիւն է: Աւելի՛ն. փրոֆ. Ռայս կարծէք չի հասկնար, որ նկարագրելով հայերուն «սպանութիւնները» որպէս «յստակօրէն դաժան ու ցեղապաշտական շարժառիթներով ջարդեր», ան իրականութեան մէջ զանոնք կ՛որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, ինչպէս սահմանուած է ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին վեհաժողովին 2-րդ յօդուածով:

Իր յուշերուն մէջ Ռայս կը փորձէ արդարացնել իր խափանարար խուսանաւումները` բացատրելով, որ թուրքերը «կատղած էին այն պատճառով, որ կ՛ամբաստանուէին դէպքի մը համար, որ տեղի ունեցած է գրեթէ մէկ դար առաջ, օսմանեան ժամանակաշրջանին»: «Պանանա ռիփապլիք»-ի անողնաշար պաշտօնեայ իբրեւ հանդէս գալու փոխարէն` Ռայս պէտք է խստօրէն յորդորէր թուրքերը, որ Միացեալ Նահանգները պիտի չխեղաթիւրեն պատմական փաստերը` պարզապէս բռնապետական պետութեան մը խելացնոր ղեկավարները գոհացնելու համար:

Գոհունակութեամբ նշելով, թէ որքա՛ն լաւ ձեւով «յաջողած» է «իրականացնել իր յանձնարարութիւնը»` Ռայս քարասրտութեամբ կը նկարագրէ «Հայոց ցեղասպանութեան քստմնելի բանաձեւին դէմ պայքարելու» ուղղուած իր սոսկալի ջանքերը: Ան կիսատ-պռատ փորձ կ՛ընէ նուազեցնելու համար իր մեղքի բաժինը` նշելով, որ ոչ ոք կը ժխտէ «այդ ահաւոր իրադարձութիւնները կամ ողբերգական մահը հարիւր հազարաւոր անմեղ հայերուն», բան մը, որ նոյնիսկ թուրք պաշտօնատարները կ՛ընդունին: Եթէ Ռայս տեղեակ էր, թէ ոչ ոք կը ժխտէ հայերուն զանգուածային սպանութիւնը, ապա ինք ինչո՞ւ այդպէս բուռն կերպով պայքարած է բանաձեւը տապալելու համար: Այնուհետեւ ան թութակի պէս կը կրկնէ թրքական անիմաստ քարոզչութիւնը, թէ` այս հարցը պէտք է ձգել «պատմաբաններուն եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն` որոշելու համար, թէ ի՛նչ յարմար որակում պէտք է տալ պատահածին»: Ռայս պէտք էր իմանար, թէ աշխարհի հեղինակաւոր պատմաբանները արդէն իսկ յայտարարած էին, թէ հայկական ջարդերը կ՛որակուին իբրեւ ցեղասպանութիւն:

2007-ին, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, Ռայս անգամ մը եւս պայքարեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման դէմ: Ան կը հաղորդէ, թէ ինք «աղաչած էր» Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիին, որպէսզի վերջինս այդ բանաձեւը քուէարկութեան չդնէ, սակայն նախագահը մերժած էր անոր խնդրանքը: Անկէ ետք Ռայս եւ պաշտպանութեան նախարար Պապ Կէյց Սպիտակ տան առջեւ հանդէս եկած են բանաձեւին հակառակ մամլոյ յայտարարութեամբ մը: Ռայս նաեւ ապահոված է ութ նախկին նախարարներ` ստորագրելու համար բանաձեւին դէմ ուղղուած նամակ մը:

Ռայս հպարտութեամբ կը նշէ իր յուշերուն մէջ, թէ յաջողած է արգելակել բանաձեւին քուէարկումը, ինչպէս որ խոստացած էր թուրքերուն: Այսպիսով, անգամ մը եւս, Ամերիկայի հիմնական բարձր արժէքներն ու վեհ սկզբունքները պաշտպանելու փոխարէն, աշխարհի հզօրագոյն պետութեան արտաքին գործոց նախարարը կ՛ենթարկուի Երրորդ աշխարհի լկտի երկրի մը պարտադրանքին:

Աւարտելով այս պատմութիւնը, Ռայս կեղծ մեղադրանք կը հնչեցնէ Հայաստանի ղեկավարներուն դէմ` յայտարարելով, որ «ժողովրդավարական սկզբունքներով ընտրուած Հայաստանի կառավարութիւնը շատ քիչ հետաքրքրութիւն ունի բանաձեւի հարցով: Իրականութեան մէջ անիկա կը փորձէ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, եւ իրեն համար կարեւոր չէ այդ բանաձեւը»: Ռայս կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութեան, թէ 2003-ի նախագահական ընտրութիւնները չէին համապատասխաներ միջազգային չափանիշներու: Աւելի՛ն. այն ժամանակուան նախագահ Ռ. Քոչարեանը չէր ընդդիմանար Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման եւ չէր փորձեր բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Իրականութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարած էր, որ Երեւանի մէջ Ռ.  Քոչարեանի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը «վատ տրամադրութեան» մէջ էր, որովհետեւ Սպիտակ տունը արգելակած էր Ցեղասպանութեան բանաձեւը:

Ռայս այժմ կը դասաւանդէ «Սթենֆըրտ» համալսարանին մէջ: Զարմանալիօրէն, Ցեղասպանութիւնը ժխտող մէկ այլ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճորճ Շուլց, նոյնպէս կը պաշտօնավարէ «Սթենֆըրտ»ի մէջ: Դասախօսները, ուսանողները, շրջանաւարտները եւ բարերարները պէտք է յորդորեն «Սթենֆըրտ» համալսարանի ղեկավարները, որ ցեղասպանութիւն ժխտողները գործ չունին Ամերիկայի լաւագոյն բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններէն մէկուն մէջ:

Ընթերցողներուն կոչ կ՛ուղղուի իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու փրոֆ. Ռայսին, 1-650-721-3390 ֆաքս-թիւով, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ուղղուած իր քստմնելի գործունէութեան համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԸՆԿԵՐՈՋ ՈՏՆԱԿՈԽՈՒՄԸ ՅԻՍՈՒՍԻ ՈՏՆԱՀԱՐՈՒՄՆ Է…

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՓԱՓԱՏԵՄՈՍ` ԴԷՊԻ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ «ԲԱԽՈՒՄ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.