
27-28 փետրուար 2018-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կ՛այցելէ Ժընեւ` մասնակցելու ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանին, ուր ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ: Այդ մասին կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը: