Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու բանաձեւերու որդեգրումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հոլանտան մեղադրած է «իրաւական արժեչափերուն հակասող, անարդար ու ենթակայական» որոշում կայացնելու յանցանքով:
«Խստօրէն կը դատապարտենք Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ 1915 թուականի դէպքերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու որոշումը: Եւրոպայի կեդրոնը` Սրեպրենիցայի մէջ, տակաւին ցաւը չմորմոքուած ցեղասպանութեան վրայ աչք փակող երկրի մը խորհրդարանի այսպիսի անհիմն որոշումը տեղ չունի ո՛չ պատմութեան, ո՛չ արդարադատութեան մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատած է Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ որդեգրուած որոշումը, որով կը վերահաստատուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
«Այս քայլով Հոլանտայի խորհրդարանը դարձեալ ընդգծեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան մէջ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Անգարա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած է այդ երկրին մէջ Հոլանտայի դեսպանատան գործավարը` անոր բողոք ներկայացնելու համար:



