Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմը Կրնայ Որեւէ Պահու Սկսիլ» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը

February 21, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Պաքուի մէջ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի անարդիւնաւէտութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շփման գիծին վրայ տիրող ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր: Գնդապետ-զօրավար Հասանով ընդգծած է, թէ բանակցային հոլովոյթը նախկինին պէս անարդիւնաւէտ է:

Ընդգծելով, որ երկու զինուած բանակները շփման գիծին վրայ կանգնած են իրարու դիմաց, ազրպէյճանցի նախարարը չէ բացառած որեւէ պահու պատերազմի վերսկսումը:

Վերջինս շեշտած է.«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետեւանքները հետաքննելու փոխարէն, լաւ պիտի ըլլար, որ միջազգային կառոյցները ջանքեր գործադրէին ատոր յառաջացման պատճառներուն վերացման գործին մէջ` տագնապի ամբողջական լուծման նպատակով»:

Թոյվօ Քլաար իր կարգին շեշտելով տագնապի շուտափոյթ եւ խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը` հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման համար, ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը բանակցութիւններու շարունակման կողմնակիցն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու մասին յայտարարութեան վերաբերեալ միջազգային ընտանիքի համապատասխան արձագանգին բացակայութիւնը խրախուսած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը դարձեալ ուժի կիրարկման սպառնալիքով խօսելու:

«Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու մասին յայտարարութենէն ետք միջազգային ընտանիքի համապատասխան արձագանգի բացակայութիւնը խրախուսած է Հասանովը դարձեալ ուժի կիրարկման սպառնալիքով խօսելու», գրած է ան:

Նախորդը

Հայ Սպան Կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովին Փոխգնդապետի Կոչում Շնորհուած Է

Յաջորդը

Պետական Բարձր Պարգեւներ` Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.