ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը հաղորդեց, որ կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի 16 անդամներու նախաձեռնութիւնը` դանիացի երեսփոխան Անտրես Փրիմտալ Վիթիսենի գլխաւորութեամբ: Նախաձեռնութեան անդամները գրաւոր հարցում ուղղած են Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին` բացատրութիւն պահանջելով, թէ ինչո՞ւ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի յատուկ ներկայացուցիչները եւ Եւրոպական Միութեան այլ պաշտօնեաներ երբեք չեն այցելեր Արցախ, թէեւ ատոր համար ունին բոլոր իրաւական հիմքերը:
Երեսփոխանները նաեւ կը հարցնեն, թէ Եւրոպական Միութեան գերագոյն յանձնակատարը որքանո՞վ հաշուի կ՛առնէ Արցախի ժողովուրդի կարծիքը, որովհետեւ վերջինս վճռորոշ է խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ միջազգային իրաւունքի մէջ որեւէ հիմք չկայ, Ազրպէյճանը ստեղծած է այսպէս կոչուած «սեւ ցուցակ», որ կ՛օգտագործուի յատկապէս արեւմտեան քաղաքական եւ հասարակական գործիչները շանթաժի ենթարկելու եւ դէպի Արցախ անոնց այցելութիւնները կանխարգիլելու նպատակով: Արցախի ժողովուրդի լիակատար մեկուսացման իր քաղաքականութեան մէջ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ բոլոր կարելի միջոցները` փորձելով խոչընդոտել Արցախի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու ներգրաւուածութիւնը` յատկապէս ժողովրդավարութեան, կրթութեան եւ տնտեսական զարգացման բնագաւառներուն մէջ:
«Ի հարկէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը հակամարտող երկիրներու կողմէ ընդունուած միակ պաշտօնական միջնորդն է: Բայց եւ այնպէս, իբրեւ կակուղ ուժ, Եւրոպական Միութիւնը կրնայ, եւ պէտք է աւելին ընէ, որպէսզի նպաստէ Արցախի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին», նշած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Կարապետեան նաեւ աւելցուցած է. «Խրախուսելի է, որ Եւրոպական Միութիւնը մարդասիրական եւ կրթական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ շրջանի այլ տագնապներու գօտիներուն մէջ, ինչպիսիք են Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան: Սակայն մենք տակաւին որեւէ բացատրութիւն չունինք, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական Միութիւնը ատիկա չէ կատարած Արցախի մէջ կամ ականջալուր չէ եղած արցախցիներու ձայնին»:
«Այն փաստը, որ քաղաքական բոլոր խմբաւորումներէն այսքան մեծ թիւով Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ բարձրացուցած են այս հարցերը, ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական Միութեան օրէնսդիրները ներկայիս աւելի լաւ իրազեկուած են Արցախի ժողովուրդի ներկայ ընկերային ու տնտեսական մեկուսացման վերաբերեալ եւ սկսած են հարցականի տակ առնել Եւրոպական Միութեան կրաւորական վերաբերմունքը: Այս հարցերը նոյնպէս կարեւոր են, որպէսզի հասկնանք, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները կը խուսափին Լեռնային Ղարաբաղ այցելելէ` հակառակ այն հանգամանքին, որ ատիկա առաջին աղբիւրէն տեղեկութիւն ստանալու լաւագոյն տարբերակն է», եզրափակեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛աւելցնէ, որ պիտի հետեւի Եւրոպական Միութեան գերագոյն յանձնակատարի արձագանգին, որ կ՛ակնկալուի առաւելագոյնս վեց շաբաթէն:


