Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅԱՐՈՒԹԸ ՈՂՋ Է, ՄԻԱՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՅԱՆՁՆԱԾ ԵՆՔ ՀՈՂԻՆ

November 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ»
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

Ըստ Պղատոնի տեսութեան, մահը երկու իմաստ կը ներկայացնէ, մէկը` կատարեալ ոչնչութիւն, իսկ միւսը` հոգիին ճամբորդութիւնը դէպի անդրաշխարհ. սակայն մեր բոլորին սիրելի Յարութ Գարաճեանի բացակայութիւնը մեր աշխարհէն` ո՛չ մէկն էր, ո՛չ ալ միւսը, քանի որ ան բոլորովին տարբեր բնոյթի արարած մըն էր: Միայն մարդիկ կը մահանան, կ՛անհետանան, բայց ոչ` գերմարդկային անձնաւորութիւններ. Յարութը պարզապէս չկրցաւ պարզ մարդ մը ըլլալ ու մահանալ:

Վաղամեռիկ Յարութին բացակայութեան գոյժը թէեւ սպասելի էր, բայց ազդեց բոլորիս վրայ եւ անխտիր ցաւցուց մեր սրտերը:

Յարութ Գարաճեան պատանի հասակէն մաս կազմած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբի միաւորին` նախ որպէս օրինակելի պարող, ապա իբրեւ հայկական տարազներու օգնական պատասխանատու: Ան նաեւ ծառայած է իբրեւ պարուսոյց` գաղութիս զանազան հայկական վարժարաններու մէջ ու մաս կազմած Լիբանանի ոչ հայկական մեծագոյն պարախումբերու: Զուգահեռ այս բոլորին, անցնող տասը տարիներուն ընթացքին, ըլլալով մեր պարախումբին (Freedom Dance Group ) հիմնադիր սիւներէն մէկը, Յարութը իր հզօր կամքով ստանձնեց նաեւ մեր տարազներու իրագործումի աշխատանքը:

Չենք կրնար մոռնալ մահէն քանի մը ամիս առաջ, երբ վերջնականապէս անկողին ինկած էր, չզլացաւ ինքզինք դարձեալ նուիրել մեր խումբին վերջին տարազը ամբողջացնելու աշխատանքին, պնդելով, որ միայն ինք շարունակէ իր սկսած աշխատանքը, որ արդէն կէս մը մէջտեղ բերած էր: Ուստի, բարձր հոգեկան տրամադրութեամբ հիւանդանոցին առանձնացուած սենեակին մէջ գաղտնի կերպով գործի լծուեցաւ, թէեւ իր ֆիզիքական  վիճակը բացարձակապէս չէր ներեր ձեւաւորելու այդ գործը շարունակել: Ան նոյնիսկ բոլոր պարողներս մէկ առ մէկ հիւանդանոցին իր սենեակը ընդունեց, որպէսզի ուրախութեամբ փորձէ ու տեսնէ իր աշխատանքին պտուղը մեր իւրաքանչիւրին վրայ: Մօտաւորապէս մէկ ամիս վերջ ցոյց տուինք իրեն իր մտայղացած ու ձեւած տարազներուն ելոյթի նկարները եւ կրկնեցինք տարիներ շարունակ մեր ըսած նոյն նախադասութիւնը` «Յարութ, դարձեալ յաջողեցար ու ժողովուրդը ապշեցուցիր ստեղծագործութեամբդ: Վա՛րձքդ կատար»:

Յարութ Գարաճեան` տարազներու մասնագէտ մը, որ շեշտուած ներդրում ունեցած է մեր անձնական եւ պարախումբի կեանքին մէջ եւ թէ՛ մօտէն ու թէ՛ հեռուէն իր անջնջելի կնիքը ձգած է մեր իւրաքանչիւրին մէջ` իր աննկուն կամքին եւ ապրելու ու առաջնորդելու հուժկու բաղձանքին օրինակով: Անձ մը, որ անտեսելով իր մարմնային դժուարութիւնները` չմոռցաւ ժպիտը վառ պահել իր այնքան յոգնած մորթին ետեւ ու բնաւ թոյլ չտուաւ, որ իր եռանդն ու գոյատեւելու պատրաստակամութիւնը մար մտնեն: Անձ մը, որուն ներաշխարհի ամէն գեղեցկութիւն կ՛արտացոլար իր արտաքինին վրայ եւ, աւելի՛ն, կը հասնէր նաեւ մեր աչքերուն` արթնցնելով մեր մէջ երբեմնի քնացած սէրը կեանքին հանդէպ: Յարութը հաւատքի, յոյսի ու զօրութեան մարմնացումն էր ու տակաւին կը մնայ. անոր ծունկերը կքեցան միայն անոր այնքան հաւատացած Աստուծոյ առջեւ մինչեւ վերջին վայրկեան: Յարութին շնչաւոր մարմինը ալ չկայ մեր մէջ:

Յարութին քառասունքին նախօրեակին պէտք չէ կանգնինք անոր շիրիմին առջեւ ու ողբանք, Յարութը հոն չէ, ան չի քնանար: Յարութին լուսաւորիչ ժպիտը փչող հազարաւոր հովերու մէջ է, անոր աչքերուն մեղրագոյնը ձիւնի ադամանդեայ փայլքն է: Յարութը արեւածագի լոյսն է հասունացած հատիկին մէջ, ան աշնան նուրբ անձրեւն է, գարնան` կախարդական եղեամը: Գրոհելով մի՛ կանգնիք Յարութին շիրիմին առջեւ ու լաք, ան հոն չէ: Մահուան գոյժէն մինչեւ այսօր ան բնաւ չհեռացաւ մեր մտքերէն: Յարութը չմահացաւ, ան ողջ է մեր մէջ:

Իսկ հիմա, գինիի սեղանին շուրջ նստած, խմելով բաժակ մը անոր մահուան յիշատակին, պարախումբի ընկերներով կը յիշենք զինք ժպիտի ու արցունքի զգացումներով, իմանալով, որ ան իրիկնային լիալուսնի նման յաւերժ պիտի հսկէ մեզ ամէն գիշեր:

«Freedom Dance Group»

 

 

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 934 10/11/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՅԱՒԵՐԺ ԸՆԿԵՐՆԵՐ (Յ. ԳԱՐԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.