ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Քոլեթ Գրիգորեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Մարինա Ճէրիտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Ռիթա Հացագործեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Հանրի Հատտատ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էլի Հատտատ եւ զաւակունք
Գրիգորեան եւ Հատտատ ընտանիքներ
Ճէրիտեան եւ Հացագործեան ընտանիքներ
Նաաման ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԺԱՆԵԹ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՀԱՏՏԱՏ)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 փետրուար 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 13 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 14 փետրուարին, հանգուցեալին դստեր` Մարինա Ճէրիտեանի բնակարանը` Պիաքութ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լոր Թուֆիք Ասմար
Տիար Դաւիթ Տէտէեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Վազգէն եւ տոքթ. Սարա Արթինեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Փաուլօ Անտրէա եւ Սապին Տալավինա եւ ընտանիք
Օրդ. Տիանա Տէտէեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`
ԱՐՏԱՇԷՍ ՏԷՏԷԵԱՆԻ
մահը:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 13 փետրուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Իսկ երկուշաբթի, 12 եւ չորեքշաբթի, 14 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ժիպէյլի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Սոնա Եափուճեան եւ ընտանիք եւ համայն Եափուճեան ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, ՀՅԴ Բիւրոյին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեանին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ներկայ եւ նախկին նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, «Գարակէօզեան» հիմնարկին, Ռումտիկինի հայրենակցական միութեան, ՀՅԴ-ի եւ Համազգայինի Լիբանանի մեծ ընտանիքներուն, ՀՄԸՄ-ին, ԼՕԽ-ին եւ այլ միութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին` ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————-
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ»
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ
Յակոբ Եափուճեանի մահուան առիթով կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Տիկին Սոնա Եափուճեան եւ զաւակը` Հայկ | 500$ |
– Տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Վանա Եափուճեան | 500$ |
– Տէր եւ տիկին Մկօ եւ Հուրի Եափուճեան | 500$ |
– Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Լալէ Եափուճեան | 500$ |
– Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Անգինէ Գալայճեան | 500$ |
– Տիգրանուհի, Դշխուկ եւ Յակոբ Գալայճեաններ | 500$ |
—————————————-
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ
ԵՒ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 13 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակին հանդիսաւոր ժամերգութիւնը:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Նախատօնակի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նորածին երեխաներու խորան բարձրացման արարողութիւնը` Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով: Յետ եկեղեցական արարողութեանց, մայրավանքի շրջափակին մէջ պիտի վառուի աւանդական խարոյկը:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդ մայրերը, ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան, Աստուծոյ ընծայելու իրենց նորածինները եւ հայցելու Անոր շնորհներն ու պաշտպանութիւնը իրենց մանուկներուն համար:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
—————————————-
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 13 փետրուար 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն եւ հրավառութիւն եկեղեցւոյս շրջափակին մէջ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի հանդիսաւոր արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան սուրբ խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 13 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ նախատօնակի ժամերգութիւն:
Ժամերգութեան պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Եկեղեցական արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի վառի աւանդական խարոյկը: Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու աւանդական հոգեթով արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————-
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ
Չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման առիթով, կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` նուիրուած երիտասարդներուն:
Սուրբ եւ անմահ պատարագին պիտի հանդիսապետէ եւ հայրապետական իր պատգամը ուղղէ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի երիտասարդ զաւակները` ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան, Աստուծոյ ընծայելու իրենց սիրտերը եւ հայցելու Անոր շնորհներն ու պաշտպանութիւնը իրենց համար:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
—————————————-
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն:
Պիտի նախագահէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 16 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————-
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան
Կազմակերպութեամբ`
Դաստիարակչական յանձնախումբին
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Դասախօս`
ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ
(ՓՈԽԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ 1985-1990)
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 19 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ Է
Յարկաբաժին մը, Պուրճ Համուտ, Կիլիկիա թաղ: Դիմել` հեռ. 03-371648, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:
—————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Քէօյլեան ընտանիքի անդամները իրենց ծնողներուն` Յարութ եւ Սօսի Քէօյլեաններու մահուան յիշատակին 300$ կը նուիրեն ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցին:
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇ – (BRUNCH)
16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ԻՆ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՄԱՐՏ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018