Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Միսաք Մեծարենցի Գերեզմանը

February 5, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Բանաստեղծութիւնը խորք է ու միաժամանակ` ձեւ, նիւթ է ու միաժամանակ` արուեստ, ապրում է ու միաժամանակ` արտայայտութիւն: Այս կէսերը ամբողջութիւն մը կը կազմեն անոնց քով մանաւանդ, որոնք բանաստեղծ են «շնորհօքն Աստուծոյ»: Անոնց էութեան կէսը մարդկային է, միւս կէսը` աստուածային: Այս ըմբռնումով բանաստեղծ էր Միսաք Մեծարենց:

Պատանեկութեանս շրջանին, երբ լափել սկսայ հօրս ճոխ գրադարանի գիրքերը, դեռ լաւ կը յիշեմ անոնցմէ «Անմահ քերթողներ» անունով փոքրիկ գիրքերու շարան մը` տպագրուած Հալէպի տպարան «Սեւան»-ին մէջ, 1946-ին, որուն առաքիչը յիշատակուած է` Լ. Պէրղուտեան: Հայ բանաստեղծներու ընտիր քերթուածներ բովանդակող այդ շարանի մէկուն մէջ առաջին անգամ կարդացի եւ սիրահարեցայ Մ. Մեծարենցի քերթուածներուն:

Հայկական Պոլսոյ թաղերու որոնումներուս մէջ,  քառասուն տարի առաջ կատարած շրջապտոյտիս, անշուշտ այցի պիտի երթայի Պոլսոյ հնագոյն երկրորդ հայկական գերեզմանատունը` Պալըքլը գերեզմանատունը: Ուխտավայրին մօտաւորապէս 500 տապանաքարերուն մէջ դիւրին չէր գտնել հանճարեղ բանաստեղծին յաւերժական հանգստավայրը: Այնուամենայնիւ երկար փնտռտուքէ ետք, վերջապէս հեռուէն ուշադրութիւնս գրաւեց իր ընկերներուն եւ համակիրներուն կառուցած յուշարձանը, որուն մասին նախապէս տեղեակ էի:

Ակնածանքով գերեզմանին մօտեցայ ու խնկարկեցի: Պահ մը լուռ աղօթելէ ետք վերյիշեցի իր գոհարներէն մէկուն առաջին տողը. «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական»:

Ապա հիւրանոց վերադարձած` սենեակի մենութեանս մէջ անհուն փափաքն ունեցայ այդ պահուն կրկին ձեռքիս մէջ ունենալ իր «Ծիածան»-ը կամ «Նոր տաղեր»-ը ու կարդալ, կարդալ մինչեւ ուշ, երբ քունն աչքերուս դեռ կը յամառիմ գեղապաշտ բանաստեղծի խոհերն ու զգայնութիւններու աշխարհին մէջ դեգերիլ:

Ափսո՜ս, մինչեւ այսօր իմ երազն է Մեծարենցի կենսագիր Թ. Ազատեանի  1934-ին «Մշակոյթ» հրատարակչականով լոյս ընծայած վաղամեռիկ  հանճարին անտիպ գործերու` «Ոսկի արիշին տակ» խորագիրով գիրքը կարդալու հաճոյքը ապրիլ:

 

 

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան` Օսմանեան Պետութիւնից Պահանջը Կեանքի Եւ Գոյքի Ապահովութիւնն Էր

Յաջորդը

Դիմաւորել 100-Ամեակը 4. Հայաստան(ներ)-Սփիւռք(ներ) Ներազգային Միասնութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.